image

Արցախի մէջ նահատակուած հայր եւ որդի Կարապետեաններուն Եռաբլուրի մէջ վերջին հրաժեշտ տուին

Արցախի մէջ նահատակուած հայր եւ որդի Կարապետեաններուն Եռաբլուրի մէջ վերջին հրաժեշտ տուին

Հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին համար նահատակուած են հայր եւ որդի Էտիկ եւ Արմէն Կարապետեանները»,- 168.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ անոնց համայնքի ղեկավարի տեղակալ Գոռ Սարիբէկեանը:

«Արմէնը ժամկէտային զինծառայող էր, 19 տարեկան, տան փոքրն էր, իրմէ մեծ 2 քոյր ունի: Հայրենասէր երիտասարդ էր, նախաձեռնող, համայնքին մէջ շատ աշխոյժ, ընկերասէր, մանուկ հասակէն դաստիարակուած էր հայրենասիրութեամբ ու հայրենիքի նկատմամբ մեծ նուիրուածութեամբ, հօր օրինակին հետեւելով: Հայրն ալ՝ Կարապետեան Էտիկը, 56 տարեկան էր, արցախեան գոյամարտի մասնակից եղած է 1992-1994 թուականներուն, «Շուն Էտօ» մարտական անունը ունեցած է: Պատերազմը սկսելուն պէս կամաւորագրուած է, գացած է մասնակցելու կռիւին: Տղային մօտ չէր գացած, ուրիշ կէտի մէջ կռուած է»,- ըսած է համայնքի ղեկավարի տեղակալը:

Անոր խօսքով՝ սկիզբը տղան՝ Արմէնը զոհուած է, յետոյ հայրը՝ Էտիկը:

«Էտիկը տեղեակ չէ եղած, որ որդին զոհուած է, տարբեր ճակատներու վրայ կռուած են: Արմէնը վերջին անգամ, երբ տնեցիներուն հետ խօսած է, ըսած է՝ ամէն ինչ նորմալ է, կը պայքարինք: Հայր եւ որդի գիտակցուած մահուան գացած են: Շատ սոսկալի ցաւ է բոլորիս համար, մէկ տունէն՝ 2 հոգի: Այսօր յուղարկաւորութիւնը եղաւ, Եռաբլուրոի մէջ հայր ու որդի կողք կողքի թաղուեցան»:

Յիշեցնենք, որ Արցախի ՊԲ-ն 5 հոկտեմբերին հրապարակեց եւս 21 նահատակուած զինծառայողներու անունները, որոնց շարքին էր նաեւ 19-ամեայ Արմէն Էտիկի Կարապետեանը: