Տնտեսութեան վերջին տատանումներու լոյսին տակ մեծ թիւով վերլուծաբաններ իրենց հայացքը ուղղած են ոսկիի կայուն աճին եւ գնային սակի մշտական բարձրացումին վերաբերեալ։
Այս առումով ալ Լիբանանը, որպէս երկիր կ՚առանձնանայ իր ունեցած ոսկիի պահուստներով, որ ունին բաւարար ներուժ տնտեսական խնդիրները լուծելու, ապահովութիւն ներշնչելու ու տալու նոր դրական ընթացք մը «վիրաւոր» տնտեսութեան տակ ճմլուած Լիբանանին։
Հարցը անշուշտ բաւական նուրբ հարց մը պիտի համարուի, մանաւանդ, որ այս փուլին երկրի ոսկիի պահուստները ճիշդ օգտագործելու պարագային Լիբանան պիտի կարողանայ լուծել իր առաջ դրուած հիմնահարցերը ու անցնիլ դէպի կայուն եւ ապահով ափ։
Հակառակ պարագային, եթէ Լիբանանի իշխանութիւնները եւ երկրի տնտեսութեան տեղաշարժին մէջ կարեւոր որոշում ունեցողները չկարողանայ ճիշդ թիրախներ եւ ժամկէտներ ճշդել, ապա ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս անկարելի պիտի ըլլայ Լիբանանին համար ճարել հիմնարար եւ մշտական լուծումներ։
Այս առումով «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիբանանի ոսկիի պաշարներուն եւ պահուստին մասին շահեկան հրապարակում մը, որ քաղած են արաբական ԶԼՄ-ներէ։ Հրապարակումը, ոչ միայն կը ներկայացնէ Լիբանանի այսօրուայ ոսկիի պահուստին ազդեցիկութիւնը, այլեւ զայն կը համարէ, իբրեւ մշտական մեկնակէտ եւ փրկութեան լաստ ապագայ նուաճումներուն համար։
Հրապարակումը, ստորեւ՝
Այսօրուան աշխարհը կը դիմագրաւէ տնտեսութեան ու դրամավարկային համակարգերու տատանումներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը թողուն ոչ միայն մեծ երկիրներու, այլ նաեւ փոքր ու խոցելի տնտեսութիւններու վրայ։ Այդ համատեքստին մէջ, ոսկին դարձած է ամենակարեւոր «ապաստանը» ներդրողներու եւ պետութիւններու համար։ Լիբանան, որ տարիներէ ի վեր «կը ճակատի» խորքային ֆինանսական ու դրամատնային ճգնաժամի հետ, յատուկ տեղ կը գրաւէ այս առումով, որովհետեւ իր ոսկիէ պահուստը հասած է աննախընթաց չափերու եւ այսօր կը նկատուի համաշխարհային մակարդակով բացառիկ երեւոյթ։
2020-էն սկսեալ, ոսկիի համաշխարհային գիներու անընդհատ աճը Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան տուած է անսպասելի «փրկօղակ» մը։ Եթէ 2019-ին Լիբանանի պահուստի արժէքը կը գնահատուէր մօտաւորապէս 13 միլիառ տոլարով, ապա 2024-ին ան արդէն հասաւ 24 միլիառ տոլարի, իսկ 2025-ի կէսերուն՝ 30․45 միլիառի։ Այսօր Լիբանանի ոսկիի պահուստը կը կազմէ 286․8 թոն, այսինքն մօտ 10 միլիոն օնս ոսկի։ Այս բոլորին արժէքը կը հասնի երկրի ամբողջական ներքին արտադրութեան 76․5 առ հարիւրին։ Այս թիւը բարձրագոյնը կը նկատուի աշխարհի մէջ․ համեմատութեան համար, Սէուտական Արաբիոյ ցուցանիշը միայն 2․7% է, իսկ Ամերիկայինը՝ 2․2%։
«Քորոնա» համավարակի տարածումէն ասդին, ոսկին դարձաւ ապահով ապաստան։ Ֆինանսական փորձագէտներու կարծիքով, ոսկին կը մնայ ամէնէն վստահելի ապաստանը՝ տոկոսադրոյքներու տատանումի եւ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւններու պայմաններուն մէջ։
Միեւնոյն ատեն, տոլարի համաշխարհային արժեզրկումը անմիջական ազդեցութիւն ունի լիբանանցիներու կենսամակարդակին վրայ, որովհետեւ ներմուծումը գերիշխող է։ Սա կը ստիպէ շատերուն փնտռել այլ արժէքներու պահեստներ՝ ոսկի, եուրօ, ֆունտ սթերլինկ կամ նոյնիսկ թուային դրամամիջոցներ։
Լիբանանի ոսկին այսօր կը ներկայացնէ թէ՛ «պատահական պարգեւ» համաշխարհային զարգացումներէ եւ վտանգներէ, եւ թէ ալ հնարաւոր յենարան՝ ապագայ տնտեսական քաղաքականութեան համար։ Հարցը միայն մէկն է․ արդեօք երկիրը պիտի կարենա՞յ գործածել այս «ոսկէ շնչառութիւնը» պետական վերահսկող ծրագրով, թէ՞ անիկա ալ պիտի մսխուի, ինչպէս մսխուած են նախկին տարիներու դրամատնային հարստութիւնները։