image

Արցախի մէջ գրանցուած դէպքին հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած կանայք դուրս գրուած են

Արցախի մէջ գրանցուած դէպքին հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած կանայք դուրս գրուած են

Երէկ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի արգելափակուած հատուածին մէջ ատրպէյճանցի «բնապահպաններու» միջամտութեան պատճառով հիւանդանոց տեղափոխուած քաղաքացիներէն երեքը դուրս եկած են բուժհաստատութենէն։ Այս մասին ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Երէկ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղու արգելափակուած հատուածում ադրբեջանցի այսպէս կոչուած «էկոակտիվիստների» միջամտութեան պատճառով 4 քաղաքացիներ (կանայք) ինքնազգացողութեան վատթարացման հետեւանքով տեղափոխուել են Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»:

Քաղաքացիները կը գտնուէին ծանր հոգեբանական եւ սթրեսային վիճակում, որոնցից երեքը ուշագնաց էին եղել: Բժիշկների կողմից ցուցաբերուել է համապատասխան բժշկական օգնութիւն եւ երեքն արդէն դուրս են գրուել բուժհաստատութիւնից, իսկ մէկը մնում է բժիշկների հսկողութեան տակ», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: