image

Արցախի մէջ այսօր որոնողական աշխատանքներ պիտի չըլլան

Արցախի մէջ այսօր որոնողական աշխատանքներ պիտի չըլլան

 

Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կ'իրազեկէ, որ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող բնակավայրերուն մէջ այսօր եւս դադարեցուած են որոնողական աշխատանքները:

 

Պատճառը ատրպէյճանական բանակին մէջ այսօր իրականացուող հերթափոխն է: Աշխատանքները պիտի վերսկսին վաղը:

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած զոհուած զինծառայողներու աճիւններու թիւը 8 փետրուարի դրութեամբ 1367 է: