image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի հայաթափութեան մասին Ատրպէյճանցի նախարարը կը մեղադրէ ՀՀ իշխանութիւնները

Արցախի հայաթափութեան մասին Ատրպէյճանցի նախարարը կը մեղադրէ ՀՀ իշխանութիւնները

Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան ահաբեկչութեան մէջ մեղաւորը  Հայաստանը եւ միջազգային միջնորդներն են,  ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ան Հայաստանը մեղադրած է «անտարբերութեան» եւ «վրէժխնդրութեան համար ժամանակ շահելու փորձի» մէջ, իսկ միջնորդները՝ «կանխակալ մօտեցման»։ 

Ընդ որում, ըստ անոր, եկած է ժամանակն օգտուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութենէն։