Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան ահաբեկչութեան մէջ մեղաւորը Հայաստանը եւ միջազգային միջնորդներն են, ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ան Հայաստանը մեղադրած է «անտարբերութեան» եւ «վրէժխնդրութեան համար ժամանակ շահելու փորձի» մէջ, իսկ միջնորդները՝ «կանխակալ մօտեցման»։
Ընդ որում, ըստ անոր, եկած է ժամանակն օգտուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութենէն։