image

Արցախի Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստ գումարեց

Արցախի  Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստ գումարեց

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի առաջարկութեամբ 15 նոյեմբերին գումարուած է Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ՝ նախաձեռնողի սահմանած օրակարգով:

Արցախի ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժնի հաղորդմամբ՝ օրակարգային հարցը «Ընտրական օրէնսգրքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Հանրաքուէի մասին» օրէնքում փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի քննարկումը եղած է:

Նախօրէին օրէնքի փաթեթը քննարկուած եւ արժանացած էր գլխադասային՝ պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի դրական եզրակացութեան: 27 կողմ ձայնով օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը ընդունուած է որպէս օրէնք: