Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը հրաժարական տուած է։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժնէն։
«Ղեկավարուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 130-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտով՝ տալիս եմ հրաժարական Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնից», -ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Արթուր Թովմասեան 28 Յուլիսին յայտարարեց, որ խորհրդարանի ղեկավարի պաշտօնէն կը հեռանայ ի՛ր որոշումով:
«Իմ անձնական որոշմամբ քաղաքական պատասխանատուութիւն եմ վերցնում` հեռանալու Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնից, բայց միշտ հաւատարիմ կը մնամ 1991 թուականին մեր ժողովրդի կողմից հանրաքուէով ընդունուած գաղափարին», գրութեան մը միջոցաւ յայտարարծ էր Թովմասեան՝ աւելցնելով. «Մինչեւ վերջին շունչս ծառայելու եմ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ նրա ժողովրդին, Արցախի Հանրապետութեանը եւ նրա ժողովրդին: Աստուած պահապան Հայաստան աշխարհին»։
Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Արթուր Թովմասեանը, որ ներկայացուց Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնէն իր հրաժարականի պատճառները:
«Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն է յայտնել Արթուր Թովմասեանին երկարամեայ պետական ու քաղաքական գործունէութեան համար եւ մաղթել առողջութեան շուտափոյթ վերականգնում», կ՛ըսուի հանդիպումին վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Արթուր Թովմասեան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը կը վարէր 21 Մայիս 2020էն ի վեր, իսկ ընդհանրապէս խորհրդարանական գործունէութեան սկսած էր 1995ին:
Խորհրդարանի նոր ղեկավարի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթասկիզբին: