image

Արցախէն անգամ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը Երեւան անհնար դարձած է. Անահիտ Աւանեսեան

Արցախէն անգամ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը Երեւան անհնար դարձած է. Անահիտ Աւանեսեան

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ 15 յունիսէն Լաչինի միջանցքով անգամ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու միջոցով ծանր հիւանդներու տեղափոխման խոչընդոտումը։

«Խստօրէն դատապարտելով` ես ասում եմ, որ հիւանդներին բժշկական օգնութեան խոչընդոտումը դէմ է միջազգային բոլոր փաստաթղթերին եւ հումանիտար որեւէ սկզբունքի մէջ չի տեղաւորւում։ Ժամանակի ընթացքում նման լուրջ սրացումներ ունենում ենք»,– նշած է նախարարը։

Աւանեսեանը վստահեցուցած է, որ այս պահուն կը փորձեն Ստեփանակերտի բժիշկներու հետ կապի միջոցով մասնագիտական խումբերով հնարաւորինս որակեալ աջակցութիւն ցուցաբերել։ Նախարարը չէ թաքցուցած, որ սա, միեւնոյնն է, խնդրի լուծում չէ։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այս պահուն պարզ չէ`հիւանդներուն ետ տարած են Ստեփանակերտ, թէ ոչ, կամ՝ երբ հնարաւոր կ'ըլլայ անոնց տեղափոխել Հայաստան։