Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ անցած շաբաթ Երեւան մեկնած ԱՀ պատուիրակութիւնը վերադարձած է Ստեփանակերտ։
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանէսեանը`աւելցնելով, որ առաջիկայ օրերուն կը սպասուին շարք մը հանդիպումներ եւ քննարկումներ, որոնց ընթացքին պիտի կներկայացուին ՀՀ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու մանրամասները։
«Այսօր պատուիրակութեան անդամները կը հանդիպեն ԱՀ ԱԺ-ում ներկայացուած քաղաքական ուժերի ներկայացուցիչների հետ, իսկ վաղը նախատեսւում է հրաւիրել ԱՀ կառավարութեան ընդլայնուած նիստ։ ԱՀ նախագահն առաջարկել է նաեւ առաջիկայ օրերին Ազգային ժողովի նիստի ձեւաչափով էլ քննարկում ունենալ։
Քննարկում է նախատեսւում նաեւ ԱՀ Հանրային խորհրդի անդամների եւ հասարակութեան այլ խմբերի հետ», - ըսած է Լուսինէ Աւանէսեանը` նշելով, որ նախագահ Յարութիւնեանն ընդունած է Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան հարցազրոյցի առաջարկը եւ բոլոր հանդիպումներէն եւ քննարկումներէն ետք շաբթուան վերջը նախատեսուող հարցազրոյցի ընթացքին նախագահը պիտի պատասխանէ հանրութեան յուզող հիմնական հարցերուն։