image

Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Ասկերան

Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Ասկերան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն այցելած է Ասկերանի շրջան եւ հետեւած պատերազմէն ետք մեկնարկած շարք մը մեծ մաշտապով ծրագրերու ընթացքին:

Երկրի ղեկավարը նախ այցելած է Պատարայի մէջ կառուցուող ջրամբարի տարածք: ԱՀ ջրային կոմիտէի նախագահը զեկուցած է, որ Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարականը կատարուած է ըստ ժամանակացոյցի. 10 ամսուան ընթացքին շահագործման յանձնուած է Ստեփանակերտի ջրընդունիչ կայանը սնուցող նոր ջրատար խողովակաշարը: Ներկայիս կ'ընթանան մեծ ջրամբարի կառուցման շինաշխատանքները, որոնք նախատեսուած են աւարտել 2025-ին:

Նախագահ Յարութիւնեանը ռազմավարական որակած է կեանքի կոչուող ծրագրերու նշանակութիւնը, ընդգծած է, որ, հակառակ առկայ ընկերային-տնտեսական բարդ խնդիրներուն, անոնց իրականացման համար պետական միջոցներէն պիտի շարունակուին յատկացուիլ անհրաժեշտ գումարներ:

Նախագահի այցելութեան յաջորդ վայրերը Աստղաշէնի եւ Յովսէփաւանի վարչական տարածքներն էին, ուր պետական եւ բարեգործական միջոցներով կը կառուցուին համապատասխանաբար 149 եւ 92 առանձնատուներ: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ՝ մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջ երկու բնակավայրերուն մէջ պատրաստ պիտի ըլլայ աւելի քան 150 առանձնատուն` նախատեսուած Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի չորս համայնքներու բնակիչներու, ինչպէս նաեւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու համար: