Սքոփիէի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջածիրէն ներս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեղեկութիւնը Թելեկրամի իր էջին գրած Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Միրզոյեանը ռուսական կողմին եւս մէկ անգամ ներկայացուցած է հայկական կողմի դիրքորոշումները երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգերու շուրջ Ռուսիոյ քաղաքականութեան եւ իրականացուցած քայլերու վերաբերեալ:
Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ պաշտօնեաներու միջեւ կարճատեւ զրոյց եղած է։
«Ռուսական կողմը հաստատած է, որ պատրաստ է աշխուժօրէն աջակցելու հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման յառաջխաղացման՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 2020-2022 թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, այդ շարքին` Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները վերջին անգամ հանդիպած էին մայիս 19-ին։ Հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ հայկական պատուիրակութիւնները վերջին ամիսներուն չեն մասնակցիր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) նիստերուն, ինչպէս նաեւ կը հրաժարին ռուսական միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններէն։