image
Հրատապ լուրեր:

Առաքինի հայուհին եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ականը. Տիրամայր Քնար Գուճանեանի քաղցր յիշատակին

Առաքինի հայուհին եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ականը. Տիրամայր Քնար Գուճանեանի քաղցր յիշատակին

    

Ահա հայ առաքինի կնոջ յատկութիւններով հարուստ, տիպար մօր եւ բազմավաստակ ու նուիրեալ ԼՕԽ-ականի մը` տիրամայր Քնար Գուճանեանի շիջումը քառասուն օրեր առաջ խոր սուգի մատնեց Պուրճ Համուտը առհասարակ եւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը յատկապէս:

Կեանքով առլցուն, ժպտերես, համեստ, յարգալիր հայուհի Քնար Գուճանեան ծնած է 23 սեպտեմբեր 1961-ին, Լիբանան: Յակոբ եւ Երան Մերտինեաններու բարեպաշտ ընտանիքի հինգ զաւակներու երրորդն էր: Քնարին հօր դպրապետ ըլլալու հանգամանքը արդէն տան մէջ աղօթքի մթնոլորտ մը պարուրած էր: Ան 1982-ին ամուսնացած էր Փանոս Գուճանեանին հետ եւ կազմած` հայկական ու քրիստոնէական ընտանեկան տաքուկ բոյն մը, ազգին պարգեւելով երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ:

«Մի տուն հաստատ կը լինի,
եթէ հոն մայրենի կրթութիւն կայ:
Ուրեմն կին արմատն էլ պէտք է գիտնայ,
հասկնայ աստուածային պատուէրներ,
որոնք բովանդակուած են հին ու
նոր կտակարաններու մէջ»

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ

Քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ առաքինութիւնը, որ աստուածատուր շնորհք է: Անոր ճամբով մարդ անհատը մտքով, խօսքով ու գործով կ՛ապրի Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն աստուածահաճոյ կեանք մը: Աստուածաշունչին մէջ առաքինութիւնը բացատրուած է որպէս ճշմարիտ եւ ուղղափառ հաւատքի արգասիք, երբ կը խոստովանիս Քրիստոսը իբրեւ աստուածորդի: Նոր կտակարանին մէջ առաքինութիւնը Ս. Հոգիով վերածնած մարդու կենդանի եկեղեցւոյ` Յիսուս Քրիստոսի հարսի սուրբ յատկանիշներէն մէկն է: Այս առումով,  Պետրոս առաքեալ կը վկայէ.  «… Որպէսզի հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան…», «Ատոր համար ալ ամէն ջանք ըրէք, որ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ` գիտութիւն, գիտութեամբ` ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ` համբերութիւն, համբերութեամբ` աստուածպաշտութիւն, աստուածպաշտութեամբ` եղբայրսիրութիւն,  եղբայրսիրութեամբ` սէր» (Բ. Պետրոս 1:4-7):

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առաքինի հայ կնոջ մասին բազմաթիւ էջեր պիտի մրոտենք լուսարձակի տակ առնելու համար անոր բազմաոլորտ առաքելութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին, արուեստի բնագաւառին, ազատագրական շարժումներուն, Մեծ եղեռնի օրերուն, մտաւորական խաւին ներդրումին մէջ:

Արձակագիր Զապէլ Եսայեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած է. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ` երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»: Ասկէ մեկնելով` հայութեան գոյատեւման եւ հզօրութեան մէջ առանցքային դեր վերապահուած է հայ առաքինի կնոջ, որուն մայր դառնալուն մէջ մեծ կոչում կայ: Ան իր ընտանիքին հոգատար, դաստիարակող, սնուցանող մայր ըլլալու իրողութենէն անդին` պահապան հրեշտակն է եւ մնայուն աղօթողը, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` մայրենին անաղարտ պահողը:

Ահա հայ առաքինի կնոջ յատկութիւններով հարուստ, տիպար մօր եւ բազմավաստակ ու նուիրեալ ԼՕԽ-ականի մը` տիրամայր Քնար Գուճանեանի շիջումը քառասուն օրեր առաջ խոր սուգի մատնեց Պուրճ Համուտը առհասարակ եւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը յատկապէս:

Կեանքով առլցուն, ժպտերես, համեստ, յարգալիր հայուհի Քնար Գուճանեան ծնած է 23 սեպտեմբեր 1961-ին, Լիբանան: Յակոբ եւ Երան Մերտինեաններու բարեպաշտ ընտանիքի հինգ զաւակներու երրորդն էր: Քնարին հօր դպրապետ ըլլալու հանգամանքը արդէն տան մէջ աղօթքի մթնոլորտ մը պարուրած էր: Ան 1982-ին ամուսնացած էր Փանոս Գուճանեանին հետ եւ կազմած` հայկական ու քրիստոնէական ընտանեկան տաքուկ բոյն մը, ազգին պարգեւելով երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ:

Այնուհետեւ, տարիներ ետք, Քնար Գուճանեան սկսաւ հայ ժողովուրդի մարդասիրական ծառայութեան խորհրդանիշ`  ԼՕԽ-ի գանձարանին մէջ իր անմնացորդ լուման ներդրելու առաքելութեան: Ան տարիներ լուռ կերպով նուիրեալ ծառայութիւն մատուցեց ԼՕԽ-ին` ամէնուրեք ժպիտ, սէր, ուրախութիւն, համեստութիւն տարածելով: Ի տես իր տիպար ծառայութեան, երկու անգամ ընտրուեցաւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի ատենապետուհի` ծառայելով լուսարձակներէ հեռու եւ իր գործակից ընկերուհիներուն հետ հասաւ շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներու պէտքերուն:

Որքա՜ն ուրախութիւն էր Գուճանեան ընտանիքին եւ նոյնինքն Քնարին համար, երբ իր անդրանիկ զաւակին քայլերը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն առաջնորդեցին դպրեվանք, ընծայաբերեցին Աստուծոյ, եւ ան դարձաւ կուսակրօն քահանայ` անուանուելով հայր Անանիա: Հայր սուրբին աստուածահաճոյ գործերը տեսնելով կը հրճուէր տիրամօր սիրտը: Տիրամայրը երկար տարիներ ձեռնհասօրէն վարած է նաեւ Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհիի պաշտօնը:

Քնար Գուճանեանը ասմունքելու յատուկ ձիրքով օժտուած էր մանկութենէն: Անոր ազգայնաշունչ եւ հայրենասիրական ոճով ասմունքները քանիցս գնահատուած են տարբեր մրցոյթներու ընթացքին:

Հակառակ անոր որ անողոք հիւանդութիւնը կլանած էր տիրամօր մարմինը, ան մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը կարօտեալին հասնելու իր լուռ բարերարութիւնը կատարեց առանց փողի ու թմբուկի, որուն մասին մենք իմացանք անոր մահէն ետք իր արժէքաւոր զաւակներէն` հայր Անանիայէն: Ան մահուան սնարին մէջ թելադրած էր իր որդիին նիւթական օժանդակութիւն տալ շրջանին մէջ ապրող չափազանց կարիքաւորներուն, որոնց ամսական դրութեամբ կը տրամադրէր եւ մահէն առաջ պատրաստած էր գումարը:

Տիրամօր կեանքի բնորոշ յատկանիշներն էին` համակ սէր, յարգանք, դրական մթնոլորտ, զոհաբերուող կին, գուրգուրոտ մայր ու մեծ մայր եւ ասոնց գերագոյնը անդադրում նուիրում` ԼՕԽ-ի ճամբով մեր ժողովուրդին:

Սիրելի՛ տիրամայր, վստահաբար քու մաքրամաքուր ու սպիտակ հոգիդ, բարի սիրտդ պիտի սաւառնին երկինքին մէջ` անսակարկ ծառայութեան յուշարար դառնալով մեզի` ապրողներուս:

Հանգիստ` քու յոգնաբեկ ոսկորներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

Կարօ Աղազարեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն