image

Արաքչի ընդունած է Կրոսին․ քննարկուած է միջուկային ծրագիրը

Արաքչի ընդունած է Կրոսին․ քննարկուած է միջուկային ծրագիրը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Թեհրանի մէջ հանդիպած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ԱԷՄԳ) ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի հետ։

«Առաջիկայ ամիսներուն Գործակալութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ իրանեան միջուկային հարցի խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ»,- հանդիպումէն ետք X-ի էջին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։

Կրոսին՝ կարեւորելով Իրանի ԱԳ նախարարի հետ հանդիպումը, X-ի էջին գրած է, որ միջուկային ծրագրի շուրջ համագործակցութիւնն Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ անփոխարինելի է։

«Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնն անփոխարինելի է՝ վստահելի երաշխիքներ տրամադրելու Իրանի միջուկային ծրագրի խաղաղ բնոյթի վերաբերեալ այն ժամանակ, երբ դիւանագիտութեան հրատապ կարիք կայ»,- գրած է Կրոսին։

ԱՄՆ-ն եւ Իրանը՝ 10 տարուան դադարէ ետք, միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններ վարած են նախորդ շաբաթ՝ ապրիլ 12-ին, Օմանի մէջ։ Իրանեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ հանդիպումն անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել շփումները։