Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռուստաեթերով խօսած է տարածաշրջանային խնդիրներուն, այդ շարքին հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային մասին:
Չաւուշօղլուն ըսած է, թէ առանց Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեան Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ վճռորոշ թեմաներու մէջ քայլ պիի չընեն: «Ատրպէյճանը ընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր առաջարկած է Հայաստանին, որ պէտք է Հայաստանը ընդունի: Հայաստանի հետ քաղաքական շփումներ կան, առաջին հանդիպումը դրական էր: Ես կ'ուզէի, որ եռակողմ ըլլայ հանդիպումը Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ, սակայն Անթալիոյ մէջ չյաջողեցաւ: Ատրպէյճանի կողմէն խնդիր չեմ տեսներ: Հայաստանն է ուշացման պատճառը: Մենք մեր վրայ վերցուած պարտաւորութիւնը պիտի շարունակենք իրականացնել», ըսած է Չաւուշօղլուն: