Պոլսո պատրիարքության ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթեշյանը հրաժարական է տվել: Այս մասին «Արեւելքը» տեղեկացավ Ստամբուլի իր աղբյուրից: Մեր աղբյուրի համաձայն՝ այսօր Պոլսո պատրիարքարանում տեղի է ունեցել դռնփակ նիստ, որտեղ հայտարարվել է Արամ Աթեշյանի հրաժարականի լուրը: Պոլսի պատրիարքության ղեկավարումը փոխանցվելու է ընտրված տեղապահ Գարեգին արք. Բեքչյանին: Արամ Աթեշյանը հանդես է եկել հայտարարությամբ եւ կոչ արել համախմբվել ընտրված տեղապահ Գարեգին արք. Բեքչյանի շուրջ եւ պատշաճ կերպով կազմակերպել պատրիարքական ընտրությունը:
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մերազն համայնքի սիրեցեալ բարեպաշտ զաւակներ,
Մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի առկայ անելը Ձեզի ծանօթ է բոլոր մանրամասնութիւններով։ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունացած Եկեղեցական համագումար ժողովէն վերջ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագիրը ակամայ ընդհատած էր պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացին բնականոն երթը։ Այդ պաշտօնագրի տրամադրութիւններուն հիման վրայ անցեալ ժամանակաշրջանին շարունակեցինք մեր գործունէութիւնը՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ։
Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռ. Թ. Էրտողան ներկայ տարեմուտին մեր համայնքին փոխանցած էր իր պատգամը՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան համար սպասենք մինչեւ 16 Ապրիլ 2017 թուականին տեղի ունացած հանրաքուէին։ Ընթացքին դժուար թէ նոր կարգադրութիւն մը ըլլար պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Մենք ընդհանուր փոխանորդի մեր պաշտօնը տեւականացուցինք՝ հաշուի առնելով, ըստ էութեան, երկու հանգամանք։ Առաջինը այն էր, որ յաչս պետութեան Պատրիարքական Աթոռը անտէր ու անգլուխ չէր կրնար մնալ։ Երկրորդ պարագան այն էր, որ առանց պետութեան հետ ներդաշնակութեան չէինք կրնար գործնականօրէն ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Այս երկու ստիպողական պարագաները հաշուի առնելով՝ ցայսօր սպասեցինք, որպէսզի մեր Պատրիարքութեան կայունութիւնը չենթարկուի վտանգի եւ այս ճանապարհին յանձն առինք բազում զոհողութիւններ, դիմադրեցինք բողոքներու, մանաւանդ մեզի դէմ դիտումնաւոր կազմակերպուած մաշեցուցիչ արշաւներու։ Այդ բոլորը անտեսեցինք՝ Պատրիարքական Աթոռի գերագոյն եւ անսակարկելի շահերը գերադասելով։ Հաւատարիմ մնացինք նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց՝ հակառակ այն պնդումներուն, թէ արհամարհած ենք զանոնք։
Ներկայիս աւելի քան ամիս մը անցած է այն հանրաքուէէն ի վեր, որ գործնականին մէջ ժամկէտային սահմանի մը վերածուած էր պատրիարքական ընտրութեան համար։ Այս ժամանակաշրջանին շարունակած ենք մեր ջանքերը՝ ընտրութեան յարմար գետին պատրաստելու, այս ուղղութեամբ նուազագոյն երաշխիքներ ունենալու համար։ Մեր համոզումը այն է, որ այս պահուն այլեւս ունինք տարրական պայմաններ, յարմար գետին մը եւ այս բոլորով կրնանք կեդրոնանալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ մղելու նպատակին վրայ։
Զանազան առիթներով յայտնած ենք, որ ճանչցած ենք ու կը ճանչնանք մեր հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի հանգամանքը՝ որպէս տեղապահ։ Ընթացքին որոշ շրջանակներու տխուր ջանքերով ստեղծուած է այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ մեր երկուքին միջեւ կան պայքար, մրցակցութիւն եւ հակադրութիւն։ Պէտք է խոստովանինք նաեւ, որ իրերամերժ բարդ հաւասարակշռութիւններու ազդեցութիւնով մեր վարած պարտականութիւնը ակամայ մեզ սահմանափակած է՝ այդ թիւր տպաւորութիւնները կանխելու ճանապարհին։
Այս յայտարարութիւնով կու գանք ուղղակիօրէն տեղեկացնել, որ մեր կողմէ արդէն հրաւէր-նամակ մը ուղղուած է Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանին։ Համոզուած ենք, որ բաւարար շաբաթներ բոլորած ենք՝ որպէս միջանկեալ ժամանակաշրջան։ Մեր համայնքը ունի անհրաժեշտ ազդանշանները՝ պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքներուն սկսելու համար։ Ուստի, Նորին Սրբազնութիւնը եղբայրաբար հրաւիրած ենք Պոլիս՝ որպէսզի այլեւս ժամ առաջ կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը եւ ինքն ալ՝ որպէս տեղապահ, գլխաւորէ նախընտրական գործընթացը։ Այս քայլը առնելու համար պէտք է սպասէինք ճի՛շդ տեղին ու ճի՛շդ ժամանակին։ Նպատակայարմար պահը այժմ հասած է արդէն։
Երբ որ վերահասու դառնանք իր ժամանման թուականին ու ժամուն, ապա մենք այստեղ պատշաճ կարգադրութիւններ պիտի ընենք օդակայանէն իր դիմաւորման, «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի մուտքին եւ ուխտի կատարման համար։
Վստահ կրնաք ըլլալ, թէ յառաջիկայ շրջանին Տեղապահ Սրբազան Հայրը մեր անձին մէջ պիտի գտնէ անկեղծ ու պատրաստակամ հոգեւոր եղբայր մը, գործակից մը, որ Պատրիարքարանի լուծը վերջին շուրջ տասը տարիներուն կրած ըլլալու փորձառութեամբ միշտ իրեն պիտի զօրակցի՝ որպէսզի մեր Աթոռը այլեւս ժամ առաջ ունենայ իր նոր ազգընտիր գահակալը։ Վստահ ենք նաեւ, թէ մեր հոգեւորականաց դասն ու աշխարհական վարիչներն ալ պիտի համախմբուին Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ՝ մեր աւանդութիւններուն յարիր ձեւով պատրիարքական ընտրութիւն մը փութով կազմակերպելու նպատակով։ Աստուծոյ կամքով ու ողորմութեամբ, միասնականութեամբ մենք կը յաջողինք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ պատմութեան այս փուլին մեզի վիճակած ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ մեր Աթոռն ու սիրեցեալ ժողովուրդը կ՚առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ ու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը կը վերագտնէ իր բնականոն հունը։
Այս բոլորէն տեղեակ պահած ենք նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, որ մեզմէ երբեք չի զլանար Իր աղօթքն ու օրհնութիւնները՝ որպէս գլուխն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Միշտ աղօթող կը մնանք մեր սիրելի հանգստեան կոչուած պատրիարքին՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար։ Մենք նուիրական աւանդ մը կը համարենք իր կողմէ մեզի վստահուած լուսարարապետի պաշտօնը, զոր յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակենք վարել՝ զօրակցելով Տեղապահ Սրբազան Հօր։
Վերջին շուրջ տասը տարուան ընթացքին մեր ստանձնած առաքելութեան կենսագործման ճանապարհին մեզի համար միշտ զգալի եղած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին բարոյական նեցուկն ու աղօթակցութիւնը։ Որքան որ ալ բոլորած ըլլանք ալեկոծեալ շրջան մը՝ կը փափաքինք ընդգծել, որ դառնութիւն կամ սրտնեղութիւն չունինք ոեւէ մէկուն դէմ եւ մեր համայնքի իւրաքանչիւր զաւկին նկատմամբ տոգորուած ենք սիրոյ, յարգանքի եւ հարազատութեան զգացումներով։ Մենք պատրաստ ենք թէ՛ Բարձրեալն Աստուծոյ եւ թէ պատմութեան դատաստանին ներկայանալու՝ մեր համեստ հնարաւորութիւններու ներած չափով ծաւալած գործունէութեան համար։
Մեր կոչն է համախմբուիլ Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ եւ ջանք ու եռանդ չխնայել՝ ժամ առաջ մեր Աթոռի նոր գահակալը ողջունելու ճանապարհին։ Իրեն այժմէն կը մաղթենք բարի գալուստ, յաջողութիւն, ուժ եւ կարողութիւն՝ ի պայծառութիւն եւ յանսասանութիւն մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռին։
Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ