image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի փոխնախագահ Զարիֆ հրաժարական տուած է. IRNA

Իրանի փոխնախագահ Զարիֆ  հրաժարական տուած է. IRNA

Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը, որ նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հրամանագրով անցեալ տարուան օգոստոսի սկիզբը նշանակուած էր հանրապետութեան ռազմավարական հարցերով փոխնախագահի պաշտօնին, հրաժարական տուած է, հաղորդած է IRNA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով կառավարութեան մօտ կանգնած շարք մը աղբիւրներ։

Զարիֆ երկրորդ անգամ ըլլալով հրաժարական կու տայ ներկայիս կառավարութեան կազմին մէջ իր պաշտօնավարման ընթացքին. ան առաջին անգամ յայտարարած էր իր մտադրութեան մասին անցեալ տարուան օգոստոս 11-ին՝ նշանակումէն ընդամէնը տասը օր անց, սակայն նախագահն այն ժամանակ չէր բաւարարած անոր խնդրանքը։

Ներկայիս Զարիֆի հնարաւոր հեռանալու պատճառ կրնան ըլլալ տարաձայնութիւնները՝ կապուած երկրի կառավարութեան նոր գրասենեակի կազմի հետ։

«Կառավարութեան մօտ կանգնած շարք մը աղբիւրներ հաստատած են, որ ռազմավարական հարցերով փոխնախագահ Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Մասուտ Փեզեշքեանին», -ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Զարիֆի հրաժարականի մասին լուրը տարածուած է այն բանէ ետք, երբ Իրանի խորհրդարանի անդամները կիրակի ճնշող մեծամասնութեամբ քուէարկած են տնտեսութեան նախարար Ապտոլնասեր Հեմմաթիի հանդէպ անվստահութեան եւ հրաժարականի պահանջի օգտին:

Նախարարին հրաժարականի պահանջ յայտարարելու խորհրդարանի որոշման պատճառը Հեմմաթիի՝ տնտեսական խնդիրները լուծելու անկարողութիւնն է, որոնցմէ հիմնականը «գնաճն ու ֆինանսական անկայունութիւնն» էին։