Եմէնի վարչապետ Ահմետ Աուուատ պըն Մուպարաք հրաժարական տուած է։
Հրաժարականի որոշումը Ահմետ Աուուատ պըն Մուպարաքը պայմանաւորած է «սահմանադրական լիազօրութիւնները կատարելու եւ կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ իրականացնելու անկարողութեամբ»։
Իր յայտարարութեան մէջ ան նշած է, որ բազմաթիւ բարդութիւններու ու դժուարութիւններու հանդիպած է գործունէութեան ընթացքին։
Ան վարչապետ նշանակուած էր փետրուար 2024-ին, մինչ այդ կը գրաւէր երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։