Պոլսոյ Միաբանութեան երիցագոյն անդամ ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մօտէն կը հետեւի համայնքի արժանաւոր զաւակներու գործունէութեան։
Սրբազան հայրը օրերս այցելութիւն տուած է Պոլսոյ մէջ կայացած ոսկերիչներու յատուկ ցուցահանդէսին, ուր հարիւրաւոր տաղաւարներու մէջ կան նաեւ հայազգի ներկայացուցիչներ։
Սրբազան հայրը շրջած է ցուցահանդէսով մէկ ու նաեւ իր օրհնութիւնը տուած հայ ոսկերիչներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր գործընկեր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի՝ այս առթիւ հրապարակած կարճ թղթակցութիւնը։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» կը գրէ ՝
Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։ Տօնավաճառը ունէր նաեւ ասպարէզէ դուրս այցելու մը. յանձինն՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ փութացած էր գնահատելու եւ խրախուսելու համար հայազգի արհեստաւորներն ու վարպետները, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։ Լուսանկարին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը կ՚երեւի «Արթեքս»ի տաղաւարին մօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ հաստատութեան սեփականատէրն է մեր համայնքէն Արի Չոլաքը։