«Արագածի «թագաւոր»-ը մեռաւ: Դուն խոստումիդ տէրը չեղար»:
Քառասուն օրեր առաջ, մօտաւորապէս նման նախադասութիւն մը հասաւ ականջիս` հեռաձայնի միւս ընկալուչէն:
Այս բառերով` լուռ եւ սապէս յանդիմանական ոճով մը իմաց կու տար ընկերս, հեռաձայնելով ինծի եւ յայտնելով ափսոսանք մը, որ մեր բոլորին կ՛առնչուէր, այն առումով որ իբրեւ Զոնթիկի մօտիկ ընկերներ չէինք կրցած ողջուց իր փափաքը կեանքի կոչել, իրականացնել, ըստ արժանւոյն զինք գնահատել:
Իսկ զոնթիկեան այդ փափաքին մասին` քիչ անդին: Կրնայ ըլլալ, որ հետագայ բոլոր միտքերը, որոնք կ՛առնչուին անհատի մը, այս պարագային` Զոնթիկին, շատերու համար նկատուին հեքիաթային, ուրիշներու` քիչ մը չափազանցուած, իսկ այս կերպարը մօտէն ճանչցողներուն համար` արդար, հարազատ, տեղին, բայց արդէն յապաղած մտածումներ:
Այո՛, ուշացած մտածումներ, ոչ թէ անոր համար որ Զոնթիկին չէինք յայտնած ատոնք, այլ որովհետեւ ան, այսպէս ըսած, միշտ ալ երազած էր իրեն նուիրուած երեկոյի մը առիթով, հրաւիրեալ բազմութեան մը ներկայութեան, արտասանուէին խօսքեր գնահատանքի եւ արժեւորման` վասն յիսնամեայ նուիրական ծառայութեան:
Հետագայ տողերը պիտի բացայայտեն, թէ ինչո՛ւ ուշացած ենք մեր սրտին ու մտքին խօսքը սպիտակ թուղթին յանձնելու, նման եզակի տիպարի մը մասին, որուն կեանքը յագեցած է անմնացորդ ծառայութեամբ:
Պատեհ է ընդգծել, որ Զոնթիկի այս միակ փափաքը` իր շրջապատէն, կը բխէր ոչ թէ եսասիրութենէ, գոռոզութենէ, մեծամտութենէ, այլեւ որոշակի հոգեբանութենէ մը թելադրուած, որ կ՛առնչուէր իր տառապալից կեանքին, սիրուելու եւ գուրգուրանքի արժանանալու խո՜ր պապակին:
Հարկ է խոստովանիլ, որ մենք` զինք սիրողներն ու յարգողները, հակառակ մեր կամեցողութեան, ինչ-ինչ բացատրութեամբ համարձակութիւնը չունեցանք էապէս արժեւորելու անոր նուիրումը, հաւատքը, աշխատանքն ու հպարտութիւնը:
Այո՛, անմնացորդ նուիրում, անայլայլ հաւատք, օրինակելի աշխատանք եւ հայաբորբ հպարտութիւն ունէր Արագածի մեր տղան, որ ամբողջ կեանք մը մաշեցուց յանուն ակումբի բարօրութեան, անվտանգութեան, հսկողութեան, մաքրութեան: Իսկ ամէնէն յատկանշականը Զոնթիկի կեանքին մէջ, անոր ունեցած երկիւղածութիւնն ու հաւատամքն էր հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն դրօշին ներքեւ աւելի քան յիսուն տարի ծառայած էր լուռ ու մունջ, խոնարհաբար, առանց ակնկալութեան, պահանջի թէ վարձատրութեան:
Ահա՛ գաղտնիքը անոր առանձնայատկութեան, կամքին ու տեսակին:
Ի դէպ, Զոնթիկ, ի զարմանս բոլորին, չէ տուած կուսակցական երդում. եղած է համակիր, սակայն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է դաշնակցական ակումբին եւ Արագածի շրջանի հայութեան: Ան տասնամեակներ շարունակ ցոյց է տուած այնքան սէր ու ծառայութիւն, հոգատարութիւն եւ ընկերականութիւն, որ կարիքն անգամ չէ զգացած միանալու Դաշնակցութեան շարքերը, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը, այդ ալ ՀՅ Դաշնակցուցեան ճամբով, կոչում է եղած, զգացում, բարձր գիտակցութիւն, որ չի սահմանափակուիր երդման արարողութեամբ կամ պաշտօնի մը ստանձնումով:
Հակառակ այս իրողութեան, ան ճանչցուած էր իբրեւ «ընկեր Զոնթիկ», մաս կազմած էր տարբեր աշխատանքներու, յանձն առած պատասխանատու գործեր, եւ ի գին անասելի զոհողութեան, յաջողութեամբ պսակած է իրեն վստահուած փոքր թէ մեծ պարտականութիւնները` դաշնակցականի վերապահուած գիտակցութեամբ:
Արդ, ո՞վ է եղեր այս «թագաւոր»-ը, այդ ալ ինքնահռչակ, Արագածի պէս համեստ շրջանի մը համար, ուր տիրապետող է համեստ խաւը, օրապահիկով ապրող ընտանիքը, աւանդապահն ու աշխատասէրի պահուածքով օժտուած հայ հաւաքականութիւնը:
Իրօք, խօսքը կը վերաբերի Զոհրապ Դանիէլեանին, որ համեստ ծնողքի մը զաւակն է, յետեղեռնեան ժամանակներու դառնութիւնը ճաշակած, սակայն, շնորհիւ իր ազգային դաստիարակութեան եւ տոհմիկ կենցաղին, կրցած է արդարօրէն վաստկիլ շրջապատին յարգանքն ու սէրը: Զոնթիկ քանի մը տարի յաճախած է տեղւոյն Ազգային Արամեան վարժարանը, ապա նետուած գործի ասպարէզ:
Հետաքրքրականը այն է, որ ան նոյնիսկ գործի ասպարէզին մէջ յաջողութիւն չէ գտած, որովհետեւ եղած է բարի ու ազնուասիրտ: Ան ուզած է օգնել նպարավաճառ հօրը, սակայն չէ կրցած գոյատեւել, պարզապէս վաճառականի հմտութենէ զուրկ անձ մը ըլլալով` ձախողած է գործի շարունակականութիւնը ապահովել:
Իր պատանեկանի, երիտասարդականի տարիները անցուցած է Արագածի թաղամասին մէջ, միշտ ալ թիկունք կանգնելով իր շրջապատին, յատկապէս գործուն դեր է ունեցեր Ռումտիկինի հայրենակցական միութեան մէջ, որ կազմուած էր դեռ 1930-ական թուականներէն եւ հաւաքավայր էր նորահաս սերունդներու:
Պէտք է յայտնել, որ Զոնթիկի կեանքին մէջ դարձակէտ եղած է Լիբանանի մէջ ծագած եղբայրասպան պատերազմը (1975-1990): Փաստօրէն, իբրեւ երիտասարդ ու շրջանի տղայ, ան կը միանայ ՀՅ Դաշնակցութեան ինքնապաշտպանական գործին եւ արդէն ցոյց կու տայ իր նուիրումն ու հայասիրտ պահուածքը: Զոնթիկի համար, կարծես, նորովի ծնունդի առիթ էին պատերազմի տարիները, այս անգամ երիտասարդ ուժով եւ խանդավառութեամբ յագեցած: Իրեն համար կը բացուէր նոր ուղի մը, ապացուցելու ինքզինք եւ նետուելու աշխատանքի դաշտ` ստանձնելով բազում աշխատանքներ: Ան ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէր մեծ թէ փոքր աշխատանքի միջեւ: Անոր կեանքի նշանաբանն էր առաւել ծառայասիրութիւն եւ անսահման հոգատարութիւն` դաշնակցական ակումբին եւ շրջանի հայութեան:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ ամբողջ 15 տարի անընդմիջաբար, շատ-շատերու կողքին, Զոնթիկ եղած է միշտ պատնէշի վրայ, պատրաստ` կատարելու իրեն վստահուած դաշնակցականի գործը, ինչ բնոյթի ալ ըլլար ատիկա: Իսկ այդ պարտականութիւնը կ՛ընդգրկէր մարտական գործ, պահեստի պատասխանատուութիւն, մատակարար, պահակութիւն, բուժօգնութիւն եւ բազում նման ծանր աշխատանքներ, զորս կը կատարէր անտրտունջ եւ ջանասիրութեամբ:
Անկեղծ ըսած, եթէ երբեք սպիտակ թուղթին յանձնել ուզենք անոր կեանքի դիպաշարերը, որոնք սերտօրէն կապ ունին իր անձին ու շրջապատին հետ, կարելի է էջեր ու էջեր արձանագրել, պարզապէս որովհետեւ Արագածի այս տղուն կեանքը մեծապէս առնչուած է իր ծննդավայրին, շրջապատին, դաշնակցական ակումբին ու իր ընկերներուն:
Այլ խօսքով` Զոնթիկ չէ ունեցած անձնական կեանք, բառին ամբողջական իմաստով: Ան իր կեանքը, սապէս, շաղախած էր իր անմիջական շրջապատին հետ, ու այս պարունակին մէջ գտած իր կեանքի իմաստը, ուրախութիւնն ու հաճոյքը:
Փաստօրէն, անոր կեանքին վերջին յիսուն տարիները այդ կը վկայեն, որուն համար իրերայաջորդ սերունդներ երախտապարտ պիտի մնան, միշտ յիշելով այս եզակի «դաշնակցական համակիր»-ին նուիրումը, զոհողութիւնն ու աշխատանքը:
Սիրելի՛ Զոնթիկ,
Հիմա, որ դարձար յաւերժի ճամբորդ եւ ազնիւ հոգիդ գտած է իր հանգիստը, կրնանք անվարան սպիտակ թուղթին յանձնել ապրումներ, յիշողութիւններ, երկար տարիներու ընկերական կեանքի պատառիկներ, որոնք կը բնորոշեն քու տեսակդ, կազմուածքդ եւ բարեմասնութիւններդ:
Ընկերներդ` աւագ թէ երիտասարդ սերունդի, բոլորը կը վկայակոչեն, թէ դուն եղար այն անհատը, սրտի մօտիկ եղբայրն ու հարազատը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին յարգալիր վերաբերում ցուցաբերեց բոլորին հանդէպ, ըլլան անոնք համեստ թէ պատասխանատու ընկերներ:
Մեր յիշողութեան կիզակէտին են կատարած այն բոլոր գործերդ, յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, անտեսելով ահ ու սարսափ, երբ միշտ ակումբի տղոց կողքին էիր` անոնց փոխանցելով ուժ ու կորով, սիրտ ու հոգի, ժպիտ ու սրամտութիւն, ի հարկին դասաւորելով անոնց սնունդի ու զէնքի մատակարարումը, հսկողութիւնն ու ապահովութիւնը: Եւ այսպէս, տասնամեակներ շարունակ հունաւորած ու արժեւորած էիր կեանքդ` ամբողջապէս:
Ճիշդ է, որ չկազմեցիր սեփական ընտանիք, սակայն, շնորհիւ ընկերներուդ, դուն կրցար ապրիլ խաղաղութեամբ` ունենալով երջանիկ օրեր եւ զուարճութեամբ լեցուն տարիներ: Մօտիկ ընկերներդ, եւ անոնք շատ էին, ամէն առիթի քեզ կը հրաւիրէին ըլլալու սեղանակից եւ վայելելու ներկայութիւնդ, սրամտութիւնդ, բարձր խնդուքդ:
Դուն չունեցար սեփական երդիք, սակայն Արագածի ակումբին դիմաց քեզի տրամադրուած տնակը, սապէս, դարձած էր «ուխտատեղի» բոլորին: Պատկերազարդ եւ յիշատակի իրերով լեցուն համեստ սենեակդ ժամադրավայր էր, ուր տօնական թէ այլ առիթներու կը հաւաքուէին քեզ սիրող տղաքը, կը լսէին քեզ, կ՛արծարծէին ազգային թէ տեղական լուրեր, կը հիւրասիրուէին եւ ապա կը բաժնուէին` կրկին տեսնուելու խոստումով:
Այո՛, հիւրամեծար էիր, բառին ամէնէն լայն ու խորունկ իմաստով:
Սիրելի՛ «ընկեր Զոնթիկ»,
Ո՛վ կրնայ մոռացութեան տալ քու հոգատարի կերպարդ, երբ պատերազմի թէժ ռմբակոծումի օրերուն, հաւաքուած ըլլալով Արագածի ակումբին մէջ, դուն, գրեթէ ամէն օր կը պատրաստէիր տղոց սանտուիչները եւ կը մատակարարէիր` միշտ ցոյց տալով համբերատարի պահուածքդ, ինչպէս նաեւ ժպիտովդ ու սրամտութեամբ կը գօտեպնդէիր բոլորը:
Ո՛վ կրնայ ուրանալ քու եզակի մարտական արարքդ քանի մը հերոս տղոց հետ, որոնք յանձն առած էին գործադրել ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումը` Արագածէն դէպի Մարաշի թաղամաս ապահով գիծ բանալու, կտրելով պաշարման օղակը, զոր օրին հաստատած էին պաղեստինցի զինեալներ:
Ինչպէ՛ս չյիշել այն նուիրական պարտականութիւնդ, արցախեան պատերազմի տարիներուն, երբ անտրտունջ խնամեցիր ազատամարտիկներ, որոնք եկած էին Լիբանան բուժուելու:
Ոչ ոք կրցաւ գերազանցել քեզ, քու ցուցաբերած խնամատարի տեսակիդ, որովհետեւ յետպատերազմեան Լիբանանի տարիներուն եւ մինչեւ հանգստեան կոչուիլդ (պիտի չուզէիր, որ ըսենք` խոր ծերութիւնդ, որովհետեւ միշտ շէն ու կայտառ կ՛ուզէիր մնալ ի տես շրջապատի յարգանքին ու սիրոյն) հասար շրջանի ժողովուրդի կարիքներուն, եղար բոլորի կողքին` իրենց ուրախութեան, տխրութեան պահերուն թէ ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին:
Հապա քու ներկայութիւնդ փաստելու խոր համոզումդ, ինչպէ՛ս կրնանք չարձանագրել, յատկապէս զանազան բնոյթի ձեռնարկներու մասնակցութիւն բերելով եւ հպարտութեամբ յիշելով զանոնք: Իրօք, նշանակելի էր պատշաճ հագուածքդ, երբ ներկայ կ՛ըլլայիր ձեռնարկներու եւ կը փափաքէիր նստիլ սրահի առաջին շարքին` խանդավառուելու եւ գօտեպնդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրուած ձեռնարկներուն մի՛շտ ալ ներկայ էիր: Իսկ երբ հանդիպէիր պատասխանատու ընկերներու, անպայման որ պիտի ողջագուրուէիր անոնց հետ եւ յայտնէիր սէրդ ու յարգանքդ, ինչպէս նաեւ` հաւատարմութիւնդ:
Պէտք է ընդգծել, որ ՀՅ Դաշնակցութեան «Դրօ» կոմիտէութիւնը, քեզի հանդէպ կը տածէր իւրայատուկ սէր ու յարգանք: Իրերայաջորդ կոմիտէներ միշտ ալ թիկունք կանգնած են քեզի, իրենց կարողութեան եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որպէս շրջանի ծառայասէր տղան, բարեկամն ու համակիրը:
Դուն այն մոհիկանն էիր, որ գրեթէ գոց գիտէր շրջանի հայ թէ տեղացի բնակչութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն: Ըլլալով երբեմնի թաղապետի զաւակ, ծանօթ էիր բոլորին եւ պատրաստ օժանդակելու անոնց:
Վերեւ յիշուած եւ կենսագրութեանդ մաս կազմող այս չնչին պատումին դիմաց, դուն յաճախ մեզմէ կը պահանջէիր կատարել փափաքդ, սապէս, բարի ցանկութիւնդ, կազմակերպել ձեռնարկ մը, հովանաւորութեամբ շրջանի կոմիտէութեան, ուր պիտի հրաւիրուէին պատկառելի թիւով անձինք, եւ ստանայիր քու յիսնամեայ նուիրումիդ եւ ծառայութեանդ շքանշանը` իբրեւ երախտագիտութիւն եւ քաջալերանք եզակի գործունէութեանդ:
Բայց եւ այնպէս մեր ընկերական շրջանակին մէջ նման մտածում կը դիտուէր քիչ մը տարօրինակ եւ անհասկնալի, այն առումով որ ՀՅ Դաշնակցութեան աւանդութիւնն ու պահուածքը` նման մտածումի ընդառաջ, վերապահութեամբ կ՛ընկալուէր` պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ անիկա անյարիր է մեր կազմակերպական ըմբռնումին:
Աւելի՛ն. երբ մենք, սապէս, կատակի ձեւով նման ձեռնարկի մը մասին իմաց կու տայինք շրջանի երէց ընկերներու, ունենալու նաեւ անոնց տեսակէտը, կարծես ռումբ մը կը թնդար մեր դիմաց, երբ անոնք մեզ «կը յանդիմանէին»` մերժումի եւ «զգաստութեան» գալու խօսքեր յայտնելով:
Սիրելի՛ Զոնթիկ,
Ճիշդ է, որ յաճախ կը փորձէինք քեզի բացատրել, թէ նման մտածում, փափաք թէ ցանկութիւն բոլորիս կողմէ ըմբռնելի էր, սակայն գործնապէս անիրականանալի, այդուհանդերձ, խոստացած էինք, գէթ պատեհ առիթի մը իրականացնել բարի երազդ: Ու այս ուղղութեամբ, մեր խօսակցութեան ընթացքին յաճախ կ՛ընդգծէինք լոյսին բերել տարբեր «հնարք»-ներ, պարզապէս ողջուց կեանքի կոչելու երազդ եւ քեզի շնորհելու` շրջանի խոնարհ ու ծառայասէր «թագաւոր»-ի կոչումը, շքանշանը:
Հակառակ այն իրողութեան որ դուն երկար տարիներ արդէն դարձած էիր ինքնահռչակ «թագաւոր»-ը Արագածի շրջանին, այդուհանդերձ, բոլորս կ՛ուզէինք քեզ ուրախացնել եւ երջանիկ տեսնել ամէն օր:
Այո՛, դագաղիդ շուրջ հաւաքուած բազմութիւնը, որ եկած էր իր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու, ապացոյց էր ճշմարտութեան մը, որ դուն արժանի էիր ծառայ-թագաւորի կոչումին:
Հուսկ, սիրելի՛ ընկեր, ներէ՛, որ մենք թերացանք մեր պարտաւորութեան մէջ: Դուն քաջ գիտէիր, գիտես, որ մեր սրտերուն մէջ թագաւորած էիր իբրեւ խոնարհ հերոս, ազնուասիրտ հայորդի եւ ծառայասէր դաշնակցական համակիր-ընկեր:
Թող ժպիտդ եւ կենսուրախ պատկերդ մեզի ընկերանայ առ յաւէտ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Զոնթիկ:
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:
Հ. Պիլալեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն