image

«Ոսկէ Ծիրան»-ի «Վարպետ» մրցանակը՝ Գրիգոր Պըլտեանին

«Ոսկէ Ծիրան»-ի «Վարպետ» մրցանակը՝ Գրիգոր Պըլտեանին

Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի շրջանակէն ներս, փառատօնին պատուոյ հիւրերը, մասնակիցները եւ կազմակերպիչները հիւրընկալուած են Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատի շրջանի Առատաշէն գիւղը գտնուող «Aratashen winery» գինիի տան մէջ, ուր շարժանկարի բնագաւառին ունեցած մեծ աւանդին համար «Վարպետ» մրցանակը յանձնուած է Գրիգոր Պըլտեանին, որ առողջական խնդիրներու պատճառով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ արարողութեան։

Այս մասին կը տեղեկանանք «Նոր Յառաջ»էն, որ նաեւ կը գրէ՝

Պըլտեան մեծ ճանաչում ունի իբրեւ ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր գրական գործիչներէն եւ արեւմտահայերէնով գրող ամէնէն նորարար ստեղծագործողներէն մէկը։ Բեղուն տաղանդով վիպագիր եւ գրաքննադատ Պըլտեան հեղինակ է աւելի քան 30 հատորներու, որոնք լոյս տեսած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան ծնած է Պէյրութ, երկար տարիներ է որ կ՚ապրի Փարիզ եւ դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

“Այս տարածքը ամէնէն գեղեցիկներէն է, «Aratashen winery»-ի մէջ կ՚աշխատին մեր լաւագոյն ընկերները եւ մենք այստեղ ամէն տարի կը յանձնենք մրցանակ մը։ Մեր մրցանակակիրը առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան։ «Վարպետ» մրցանակը կը յանձնենք «Ոսկէ Ծիրան»-ի դատակազմի պատուոյ անդամներէն մէկուն, որուն ստեղծագործական ուղիով շատ հպարտ ենք”,– նշած է «Ոսկէ Ծիրան»-ի տնօրէն և գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան։

Մրցանակը՝ փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանին յանձնած է Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, որուն վստահուած էր մրցանակը յանձնելու պատիւը։ “Կը շնորհաւորեմ «Ոսկէ Ծիրան»-ի ընթացքը եւ շնորհակալ եմ ինծի այս պատիւին արժանի նկատելուն համար։ Դժուար է գտնել ոլորտ մը, ուր ներդրում չունի Պըլտեան։ Վերջերս պարզեցինք, որ ան հետաքրքրական մօտեցումներ ունեցած է շարժարուեստի եւ շարժարուեստի գիտութեան նկատմամբ, որուն համար ալ կը յանձնուի այս մրցանակը։ Ան այսօր Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին նուիրեց իր ատենախօսութիւնը, որ շատ կարեւոր է եւ ես լիայոյս եմ, որ իր հաւաքածոյին մէջ գտնուող քանի մը ձեռագրեր պիտի հանգրուանեն Մատենադարանին մէջ”,– յայտնած է Խզմալեան՝ հաւաստելով, թէ մրցանակը անպայման կը յանձնուի վարպետին։

Երեկոյթի աւարտին, աւանդութեան համաձայն, ելոյթ ունեցած է «Կարին» ազգագրական համոյթը, որուն հետ հիւրերը «Քոչարի» պարած են։