Ինչպէս ամէն ափի վրայ, ուր հայկական եկեղեցւոյ գագաթ բարձրացած է, նոյնպէս ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ նշուած է Տեառընդառաջի խորհրդաւոր տօնակարգը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ԱՄԷ-ի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր նաեւ կը նշուի, որ երէկ Ապու Տապի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կրօնական արարողութեան նախագահած է թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ արք- Սարգիսեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած թղթակցութիւնը։
Կիրակի 13 Փետրուար երեկոյեան, Ա․Մ․Է․ եւ Քաթարի Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը։
Ապու Տապիի Ս․ Նահատակաց եկեղեցիէն ներս արարողութեան նախագահեց, թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը՝ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան եւ փոխանցեց օրուան պատգամը ։
Սրբազան հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին շեշտելով՝
ա․- Իւրաքանչիւր նորածին կոչուած է
եկեղեցի գալու եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու։
բ․- Ծնողները պէտք է որ առաջնորդեն իրենց զաւակները դէպի եկեղեցի։
Արարողութեան աւարտին Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս վառուեցաւ աւանդական խարոյկը: