image

Ապու Տապիի մէջ մեկնարկած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը

Ապու Տապիի մէջ մեկնարկած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը

Ապու Տապիի մէջ մեկնարկած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը՝ յայտնած է Reuters-ը:

Հանդիպումները կ՚ընթանան տարբեր ձեւաչափերով. բանակցային խումբերը կ՚ուսումնասիրեն եւ կը քննարկեն միաժամանակ քանի մը փաստաթուղթ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան վերաբերեալ: Նշուած է նաեւ, որ բանակցութիւններու առանցքը տարածքային հարցերն են:

Աւելի վաղ կայացած էր բանակցութիւններու առաջին փուլը: Քրեմլէն նշած են, որ հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն մէջ առաջընթաց կայ։ Քիեւի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուսթեմ Ումերովը յայտարարած է, որ հանդիպումը «նուիրուած էր ռուսական պատերազմի դադրեցման չափագրումներուն եւ բանակցային գործընթացի հետագայ տրամաբանութեան՝ հասնելու արժանապատիւ եւ երկարատեւ խաղաղութեան»։