image

Ապու Տապիի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանի նախագահութեամբ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն

Ապու Տապիի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանի նախագահութեամբ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն

Օրերս ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից Թեմերու բարեջան առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Մայիս 28-եան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութեան կարգ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ԱՄԷ-ի թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

 

Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ, Կիրակի 26 Մայիս 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմի եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ Դրօշակի օրհնութիւն։

Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդարանիստ Եկեղեցիէն ներս, Հանրապետական Մաղթանքի եւ Դրօշակի Օրհնութեան արարողութեան նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք Սարգիսեանը։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց՝ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղելով ներկայ հաւատացեալներուն, խօսեցաւ ճշմարիտ յաղթանակին մասին։ Ան ըսաւ թէ աշխարհի յաղթանակաց մեծագոյն օրինակը Քրիստոս ինք փոխանցեց մեզի։ Մեր Տէրը սորվեցուց՝ դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն եւ տագնապներուն դիմաց համբերութեամբ տոկալ եւ հաւատքով ամրապնդուած պայքարիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է յաղթել աշխարհի չարիքներուն։

Այս մտածումերով մեր ազգը դարեր շարունակ իր հաւատքով ամրապնդուած, հակառակ բազմաթիւ հալածանքներու, միշտ կարողութիւնը ունեցած է յաղթելու իր գոյութիւնը վտանգող թշնամիներուն դէմ։ Ներկայ տօնակատարութիւնը վերյիշեցում մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն պայքարելու կարողութեան ու յաղթանակի կամքին։

Ապա Սրբազանը իր պատգամը ամփոփեց երկու մտածումներով, առաջին՝ թէ մեր ժողովուրդի եկեղեցական եւ ազգային ընդհանրական շահերը մէկ ամբողջութիւն կը ներկայացնեն, զանոնք իրարմէ անջատելը անհնար է։ Պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին իր ուրույն դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը ունեցած է ազգակերտման աշխատանքներուն մէջ։

 Երկրորդ՝ թէ Հայ ժողովուրդը ներկայ պարտուողի հոգեբանութենէն դուրս բերելու համար, անհրաժեշտ է նոր յաղթանակներ կերտել։ Հայ Ազգի ամբողջականութիւնը ու միասնականութիւնը վերահաստատելու համար։

Հանրապետական Մաղթանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան եւ Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարաններու աշակերտները։