«Սրբազանին ահաւոր պնակը» խորագրուած պատմութիւնս (տե՛ս. «ՆՅ» թիւ 1612-1613-1614, 20-էն 24 Յունիս 2021), ձգեցինք իր 22 Դեկտեմբեր 1946 թուականին, երբ ես նոր բոլորած էի 14 տարեկանս։ Յաջորդ Կիրակի 29 Դեկտեմբեր՝ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան պատարագեց Սէն-Ժեռոմ արուարձանի Ս. Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցիին մէջ, ուր մենք ալ գացինք, եւ ուր շապիկ հագայ։ Առաջին անգամն էր որ՝ ոտք կը դնէի այդ գողտրիկ աղօթատեղիին մէջ, ուր տարիներ յետոյ դպրապետութիւն պիտի ընէի եօթը տարի ամբողջ, հոն պսակուէի եւ զաւակներս ալ հոն մկրտուէին։
Երբ հասանք, առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսած էր արդէն, եւ որոշ անձկութեամբ է որ գացի Սրբազանին աջը առնելու. ան հանդարտ «Աստուած պահապան»-ով մը պատասխանեց։ Երեւի բոլորովին մոռցեր էր նախորդ Կիրակիի իր բարկութիւնները։ Կարելիութեանս չափով լիաթոք մասնակցեցայ ժամերգութեան երգերուն ու շարականներուն։ Պատարագին՝ այն ատենուան դպրապետը հրահանգեց որ ձեռքս քշոց մը տան, եւ ատով ալ բարձրացայ խորան ուր աշխուժ կեպով մասնակցեցայ սարկաւագի երգեցողութեան, ինչ որ չվրիպեցաւ Սրբազանին ուշադրութենէն։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Արտաւազդ Սրբազան դարձեալ Պօմոնի եկեղեցւոյ մէջ, Մարսիլիոյ զանազան եկեղեցիներուն ծառայող 20-ի մօտ դպիրներուն շնորհեց դպրութեան չորս աստիճանները, զանոնք օրինաւորապէս գրելով եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ։ Տէր Սահակ իմ ալ անունս դրեր էր ցանկին վրայ, ուր կային մինչեւ 55-60 տարեկան մարդիկ, ես ալ անոնցմէ կրտսերը, ճուտիկը, հազիւ 14։ Հոս եւս, Սրբազանին եմիփորոնը կապեց-կոճկեց Հաճի աղան, որովհետեւ ուրիշ գիտցող չկար։ Առաջինն էր կեանքիս մէջ տեսնելիք, ապրելիք, ամէն տեսակի շատ մը ձեռնադրութիւններէն, եւ ուշի-ուշով հետեւեցայ իւրաքանչիւր հանգրուանի։ Դասին մէջտեղ դրուած եպիսկոպոսական աթոռին վրայ բազմած էր Սրբազանը. շուրջառ հագած խարտավիլակի (միջնորդ) դերը կատարեց Տէր Սահակ։ Սրբազանը նախ մեր մազերէն պզտիկ փունջ մը կտրեց ի նշան խոնարհութեան եւ ծառայութեան, ապա հերթով մեր ձեռքը տուաւ աւել, բանալի, ջահ եւ ժամագիրք որպէս իւրաքանչիւր աստիճանի խորհրդանիշ։ Ոմանք ծիծաղեցան։ Տէր Հայրը այդ նկատեր էր, եւ յաջորդ Կիրակի պատարագէն ետք, գոնէ Պօմոնցիներուս բացատրեց որ՝ այդ աւելն ու բանալին եկեղեցիին գետինն աւլելու եւ դուռը բանալ-գոցելու համար մեր ձեռքը չտրուեցան, այլ բարոյապէս եկեղեցին մաքուր, եւ ամուր պահելու պարտաւորութիւններն ունէինք այլեւս, պէտք էր ջանայինք մենք ալ մաքուր եւ ամուր ըլլալ։ Երանելի քահանայ եւ երանելի ժամանակներ…։
Երբ իրիկունը ուշ ատեն տուն վերադարձանք, բարի մեծ մայրիկս զիս օրհնեց եւ իր Ատափազարցիի բարբառով կտակ ձգեց.– «Տիւոր (մինչեւ) ետքը, տիւոր ճերմակ մազ, ճերմակ մօրուք ըլլալդ տը ծառայես, տի տա՛ս չի՛ տի առնես. ասոր անոր խօսքերուն անկաճ (ականջ) չի տի կախես, կարեւորութիւն տաս»։ Բարի մեծ մայրիկս, որքա՜ն ուժեղ է եղեր այդ օրհնութիւնդ որ ես այսօր տակաւին եկեղեցին եմ այս յառաջացեալ տարիքիս, շապիկը հագիս, ուրարը ուսիս, բուրվառը ձեռքիս…։
Բարի մեծ մօրս, եւ իրեն պէս հազարաւոր ուրիշ բարի մայրիկներուն համար, եկեղեցին Աստուծոյ տունն էր, սրբութիւն էր ամէն բանէ վեր…։ ՄԻՆՉԴԵՌ… ժխտական պարագաներ ո՛չ Պօմոնի եկեղեցւոյ, ո՛չ Մարսիլիոյ միւս եկեղեցիներուն, ո՛չ ալ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ յատուկ էին եւ ե՛ն։ Անոնք բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ կան, տեսակ-տեսակ, ներառեալ բողոքականութեան մէջ։ Քրիստոսի եկեղեցին իր մաքուր զուլալ, առաքելական ոգին ու դիմագիծը պահեց միայն առաջին երեք դարերուն։ Երբ չորրորդ դարէն սկսեալ նախ Հայաստանի մէջ, ապա հսկայական Յունա-Հռոմէական կայսրութեան մէջ դարձաւ պետական պաշտօնական կրօն, ան այլեւս տեւապէս կորսնցուց իր այդ յատկանիշերը։ Հաստատութիւն, Institution դարձած եկեղեցին դարձաւ աւելի մարդկային քան աստուածային հաստատութիւն, քանի հոն թափանցեց նիւթը, նիւթականը, եւ ասոր հետ ալ փառասիրութիւնը, իշխանատենչութիւնը։ Ամենամեծ՝ Հռոմէական եկեղեցիէն մինչեւ ամենափոքրը։
ՊԱՏՇԱՃԻՑ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ (déontologie) կը պարտադրէ որ՝ մենք մեզի պահենք մեր ապրած ժխտականները, յուսախաբութիւնները, եւ ջանանք զանոնք երբեք թուղթին չյանձնել։ Ուստի, այս կարճ շեղաբանութենէն յետոյ, անցնինք մեր ժամանակագրութեան։
Ճիշդ երկու ամիս յետոյ, հայրս յանկարծամահ եղաւ տակաւին 60-ը չբոլորած. եւ ես յանձնուեցայ մօրաքրոջս խնամքին որ կը բնակէր քաղաքին կեդրոնը։ Սակայն Պօմոնի եկեղեցւոյ հետ կապս պահեցի մինչեւ 1951 տարուան վերջը, ամէն Կիրակի շատ կանուխ եւ կանոնաւորաբար հոն յաճախելով։ Համեստ միջոցներու տէր էր մօրաքրոջս ընտանիքը, բանուորական աշխատանքով իր օրապահիկը ճարող. եւ ես յաջորդ տարին brevet-ի մակարդակին ստիպուեցայ ուսումս կիսատ ձգել եւ գործի, արհեստի երթալ։
* * *
Արտաւազդ արքեպիսկոպոս Սիւրմէեան Հալէպի երկարամեայ առաջնորդն էր երբ 1939-ին ընտրուեր էր Փարիզի առաջնորդ, յաջորդելու համար ատենին Գատըգիւղի Արամեան վարժարանին մէջ իրեն ուսուցիչ եղած՝ Վռամշապուհ արք. Քիպարեանին (Ղարիպ տէրտէր)։ Սակայն պատերազմը պատճառ եղեր էր որ չկարենայ գալ եւ իր այդ պաշտօնը ստանձնել։ 1945-ին Էջմիածին գացեր էր եւ մասնակցեր Գէորգ արք. Չէօրէկճեանը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրող ազգային-եկեղեցական ժողովին։ Նորընտիր վեհափառը զինք նշանակեր էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական լիազօր պատուիրակ։ Դժուարին ժամանակներ էին մասնաւորաբար Մայր Աթոռին համար. երթեւեկութիւնները խիստ հազուադէպ եւ յոգնալից, ոչ հեռաձայնային կապ կամ հեռատիպ։ Թղթակցութիւններն ալ ուշ-ուշ հասնող եւ ենթակայ՝ գրաքննութեան։ Ալ չխօսինք արդի հաղորդակցութեան միջոցներու մասին որոնք մարդոց երեւակայութեան մէջ իսկ չկային… այն օրերուն։ Սրբազանը իր պաշտօնները ստանձնելու համար Ֆրանսա ժամանեց 1946-ի գարնան։ Իբր Փարիզի ընտրեալ առաջնորդ, հոն ունէր օրինական որոշ լիազօրութիւններ։ Անկէ դուրս,– նաեւ Հարաւային Ֆրանսայի մէջ,– իր իշխանութիւնը բարոյական էր միայն։ Չմոռնանք յիշելու որ՝ Պաղ պատերազմը սկսեր էր արդէն իր նախանշանները ցոյց տալու…։
1946-ի Դեկտեմբերին Սրբազանը Մարսիլիա եկեր էր ոչ միայն հովուական այցելութեան համար, այլեւ քսան տարի առաջ Պալաքեան Սրբազանի հիմնած թեմի, առաջնորդարանի վարիչ մարմիններու ընտրութիւնները կազմակերպելու մտադրութեամբ։ Եւ հոս անհրաժեշտութիւն է որ՝ բաւական յամենամ այդ կառոյցի անցեալ պատմութեան եւ անոր հարցերուն վրայ։
Մինչեւ օրս շատերու համար չլուծուած հանելուկ մնացած է ա՛յն կէտը թէ ինչո՞ւ Պալաքեան Սրբազան եւ զինք շրջապատող անձերը,– որոնք անուս, անգրագէտ մարդիկ չէին,– թեմի, առաջնորդարանի կանոնագիրը խմբագրած ատեն, բոլորովին անտեսած են կրօններու վերաբերեալ Ֆրանսական Հանրապետութեան 1905-ի օրէնքը։ Եւ միմիայն ներշնչուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1860-էն սկսեալ «Ազգային Սահմանադրութեան» անուան տակ գործադրութեան դրուած կանոնագրութեամբ։ Եւ անոր վարիչ մարմիններուն տուած «Ազգային-երեսփոխանական ժողով», «Ազգային կեդրոնական վարչութիւն» ուռուցիկ, փքուն անունները։ 83 գլուխներէ բաղկացած հայերէն խմբագրութեան ալ դիմաց, 23 գլուխներէ կազմուած ֆրանսերէն տարբերակ մըն ալ տուած են պետական վաւերացման Union des Communautés Arméniennes անուան տակ, ուր ո՛չ եկեղեցիի, ո՛չ թեմի առաջնորդարանի խօսքը կայ…։
Պալաքեան Սրբազանի առաջնորդութեան վերջին փոթորկալից տարիներուն (1932-34), մինչեւ Սրբազանի հրաժարականն ու եղերական մահը, այդ կառոյցը բաւական ցնցուած էր արդէն։ Պալաքեանին յաջորդող Գարեգին եպիսկ. Խաչատուրեան (ապագային Պոլսոյ պատրիարք), աւելի հանդարտաբարոյ բնաւորութեան տէր եկեղեցական,– որ հոս որպէս առաջնորդ մնաց 1935-38,– յաջողեցաւ համբերատար աշխատանքով կողմերը քով-քովի բերել, եւ 1937-ին օրինաւոր ընտրութեամբ մը վերանորոգել Առաջնորդարանի վարիչ մարմինները, ուր դաշնակցականներն ու իրենց համակիրները կը կազմէին բացարձակ մեծամասնութիւն։ Այդ մարմինները վերանորոգելի էին 1942-ին, բայց պատերազմական վիճակը ամէն ինչ արգիլեց։ Խաչատուրեան Սրբազան Արժանթինի Առաջնորդ ընտրուած ըլլալով Մարսիլիայէն հեռացաւ 1938-ին եւ մօտ երկու տարի թեմը յանձնուեցաւ Երուսաղէմի երիտասարդ միաբան, վանեցի Զգօն վրդ. Տէր-Յակոբեանին որպէս տեղապահ։ Սա իր խստաբարոյ բնաւորութեան պատճառով չսիրուեցաւ, եւ 1939-ին, պատերազմի առաջին օրերուն չուեց Ամերիկա։ Այնուհետեւ Առաջնորդարանը մնաց տէրտէրներուն ձեռքը, աւելի ճիշդ գլխուն մազէն մինչեւ ոտքին եղունգը դաշնակցական Տէր Եղիշէ Մխիթարեանի ձեռքը, որու մասին արտայայտուած եմ նախորդ գրութիւնովս։
Սրբազանը աշխատեր էր որ ընտրութիւնը կատարուի համերաշխութեամբ, միացեալ ցանկով մը. բայց իր խօսքն ու յորդորները լսող չէր եղեր։ Ազատագրութենէն յետոյ հրապարակին միատէր Ազգային Ճակատը կ՚ուզէր ժողովրդական ընտրութիւնով մը իր դիրքերը ամրացնել։ Իսկ իր թաքստոցէն արդէն դուրս ելած Դաշնակցութիւնը բնաւ նպատակ չունէր կիսելու հաստատութիւն մը, որ իր պատուանդաններէն մին կը նկատէր։ Ընտրապայքարը անցաւ շատ թէժ, պրկուած մթնոլորտի մէջ։ 1947 Յունիսին տեղի ունեցած քուէարկութեան՝ Ազգային Ճակատի հովանաւորած ցանկը յաղթական դուրս եկաւ թեթեւ մեծամասնութեամբ մը։ Ասոր վրայ պարտուած ընթացաւարտները մերժեցին բանալիները յանձնել, այն պատրուակով թէ՝ յաղթականները չեն ներկայացներ գաղութին իսկական պատկերը, ընտրուած ըլլալով Հայաստան ներգաղթելիք մարդոց քուէներով։ Այն ատեն Առաջնորդարանը կը գտնուէր քաղաքամէջի տակաւին հայաշատ թաղի Rue du Tapis Vert փողոցի 57 թիւ շէնքին առաջին յարկի երկու ընդարձակ սենեակներուն մէջ, մուտքի դռան վրայ Prélature des Arméniens du Midi de la France ցուցանակով։
Այդ եղելութիւններուն վրայ Արտաւազդ սրբազան ՔԷՆ ըրաւ Մարսիլիոյ հետ եւ երկու տարի ամբողջ ոտք չկոխեց հոս։ Քաղաքիս ութ եկեղեցիներէն երեքն ալ կտրեցին իրենց նեցուկները։ Առանց ատոր ալ նիւթական ոչ-բարւոք կացութեան մէջ գտնուող հաստատութիւնը գնաց ապաստանիլ նոյն շէնքի… չորրորդ յարկի ձեղնայարկի (mansarde) փոքրիկ մէկ սենեակին մէջ, ուր արդէն տարեց քարտուղարը Արմենակ Մինասեան կ՚ընդունէր հետզհետէ նօսրացող այցելուները։ Հոն քահանաներն ալ Հինգշաբթի առտուները կը հաւաքուէին իրենց միջեւ կարգադրելու համար զուտ կրօնական, եկեղեցական գործերը, երբեմն կագ ու կռիւով. ես հոս երթամ, դուն հոն գնա՛։ Միշտ ջանալով իւղոտ պատառը, առնուազն տաշեղը, իրենց կողմը ձգել։ Տէր Ներսէս որ կը սիրէր հեգնել, այդ ժողովը մկրտած էր «կռուական ժողով»։
Որո՞նք էին այդ Առաջնորդարանի իրաւասութիւնները (attributions)։ 1 - Մինչեւ 1936 եկեղեցիներու մէջ գործող ամբողջօրեայ նախակրթարաններու վերահսկողութիւն, մատակարարում։ 2 - Պսակներու համար եկեղեցիներու ներկայացուելիք արտօնագրեր (փոքր վճարումի դիմաց)։ 3 - Նանսէնեան անցագրերու վերանորոգման թղթածրարի պատրաստութիւն (նոյնպէս վճարովի)։ Վերջապէս Առաջնորդարանը ունէր Դատաստանական խորհուրդ մը որ սահմանուած էր ընտանեկան վէճերը կարգադրելու…։ 1947-էն ետք այն եկեղեցիները որոնք իրենց կապը խզեցին Առաջնորդարանին հետ սկսան պսակի արտօնագիր չպահանջել։ Իսկ 1945-էն 1955 տեղի ունեցաւ հայկական քաղաքացիութեան զանգուածային շնորհում։ Նանսէնեան կարգավիճակ ունեցողներուն 90 տոկոսը դարձաւ ՖՐԱՆՍԱՑԻ։ Արմենակ Մինասեանի մահով ալ 1952 թէ 1953 թուականին, այդ խեղճ ու կրակ գրասենեակն ալ փակուեցաւ։
Նիւթը ՝ «Նոր Յառաջ»էն
Հեղինակ՝ Ստեփան Ա. Սրկ. Պօղոսեան
Մարսիլիա, Սեպտեմբեր 2021