Պէյրութի մէջ որոշակի անհանգստութիւններ ունեցած մեր հայրենակից Գէորգ Տէրտէրեան փոխադրուելէ ետք հիւանդանոց որոշակի քննութիւններ անցուցած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Կը նշուի նաեւ, որ բժիշկներու ուշադրութեան եւ հոգատար վերաբերմունքին արժանանաելէ ետք Տէրտէրեան արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։
Նշենք, որ լրագրութեան ասպարէզին մէջ եղող , ինչպէս նաեւ Պէյրութէն առցանց հարթակով սփռուող «Երիտասարդութեան ձայնը» կայանի սեփականատէր Տէրտէրեան տարիներ առաջ ենթարկուած է սրտի գործողութեան եւ անցուցած սթէնտաւորման վիրաբուժութիւն մը։
Երկար տարիներ լրագրական ոլորտին մէջ գործող Տէրտէրեան առաւելաբար կը լուսաբանէ երգարուեստի ու նաեւ մշակոյթի հետ կապուած թեմաներ ու յաճախ ալ կը կազմակերպէ տարբեր երգիչներու երգահանդէսներ։
Այս առթիւ ամբողջական առողջութիւն կը մաղթենք մեր գործընկերոջ լիայոյս ըլլալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր աշխուժ գործունէութեան։