image

Անյայտ անձը պատուհանէն մուտք գործած է «Սուրբ Գայիանէ» եկեղեցի եւ յափշտակած 300.000 հայկական դրամ

Անյայտ անձը պատուհանէն մուտք գործած է «Սուրբ Գայիանէ» եկեղեցի եւ յափշտակած 300.000  հայկական դրամ

SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ հոկտեմբեր 3-ին գողութեան դէպք տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ։

Ժամը 07։40-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին զանգահարած է 56-ամեայ Մաթեւոս Պօղոսեանը եւ խնդրած, որ  Էջմիածին քաղաքի «Սուրբ Գայիանէ» եկեղեցի ոստիկան մօտենայ:

Ոստիկանները պարզած են, որ նոյն օրը՝ ժամը 02։00-էն մինչեւ 05։00-ն ինկած ժամանակահատուածին, անյայտ անձն օգտուելով եկեղեցւոյ պատուհանը բաց ըլլալու հանգամանքէն, մուտք գործած է եկեղեցի, երկաթեայ ձողերու միջոցով կոտրած է գանձանակի փականը եւ յափշտակած ներսի գումարը՝ պատճառելով նիւթական վնաս:

Մաթեւոս Պօղոսեանը «Սուրբ Գայիանէ» եկեղեցւոյ վարդապետն է։