image

Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. մասնակից դարձած է Յունաց Ս. Բարթողիմէոսի տօնի հսկումին

Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.  մասնակից դարձած է Յունաց Ս. Բարթողիմէոսի տօնի հսկումին

Օրերս Նիւ Եորքի Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդի հրաւէրով մասնակցած է Ս. Բարթողիմէոսի տօնի հսկումին:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Շաբաթ, 10 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնի հսկումին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը, այս առթիւ, շնորհաւորեց թեմակալ առաջնորդը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս մեծ առաքեալը, որ Ամենապատիւ Տ. Բարթողիմէոս  Տիեզերական Պատրիարքին հովանաւոր սուրբն է, նաեւ Լուսաւորիչն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։