image

Անուշ Քլոյեանը փոխարինեց հանգուցեալ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը

Անուշ Քլոյեանը փոխարինեց հանգուցեալ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը

Անուշ Քլոյեան ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս պիտի փոխարինէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգմաւոր Վիգէն Խաչատրեանը։ Այս մասին Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստի մեկնարկին յայտարարեց ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Ռուբինեանը նշեց, որ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է Անուշ Քլոյեանի թեկնածութիւնը, քանի որ ան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախընտրական ցուցակի յաջորդ համարն էր։

Անուշ Քլոյեանը Ազգային Ժողովի ամպիոնէն հանդիսաւորութեամբ երդում տուաւ։

Յիշեցնենք, որ 21 յունիսին 72 տարեկան հասակին սրտամկանի կաթուածէն մահացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Անուշ Քլոյեանը Մարտ 1-ի գործով տուժած ճանչցուած Սարգիս Քլոյեանի դուստրն է։