Այնճարցի (բնիկ Մուսալեռցի) ազգային-հասարակական գործիչ Եսայի Հաւաթեան կը գրէ՝
Արժանապատիւ Տէր Արսէն Աւագ քհն. Քէշիշեանի լուսաւոր յիշատակին
Տէր Արսէնը վախճանեցաւ քառասուն օրեր առաջ ։Կիրակի կատարուեցաւ իր քառասունքը՝ Այնճարի «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հարազատներու,բարեկամներու եւ իր յիշատակը յարգող հայորդիներու։
Տէր Արսէնը այլեւս պիտի բացակայի մեր եկեղեցիէն եւ Այնճարէն, եւ որպէս լուսաւոր աստղ մը պիտի մնայ մեր երկնակամարին վրայ՝ ցոյց տալով ազգին եւ հայրենիքին նուիրուելու իր գեղեցիկ օրինակը։
Այո,եզակի հոգեւորական էր տէր հայրը,որ շուրջ 70 տարի (25 տարի ուսուցիչ,45 տարի տէր հայր) լուռ ու մունջ (չեմ տեսած զինք ջղային վիճակի մէջ կամ լսած իր բարձրաձայն խօսիլը) ծառայեց,նուիրուեցաւ եւ իր համեստութեամբ յարգանք պարտադրեց շրջապատին։
Շատեր նոր տեղեակ եղան որ տէր հայրը եղած էր Այնճարի ՀՅԴ «Կ.Լեռ» Կոմիտէին քարտուղար, ազգային Կրօնական ժողովի ատենապետ ,Դատաստանական խորհուրդի նախագահ եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ։Իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները կատարած էր խղճմտօրէն եւ բծախնդրութեամբ։Հանգստեան կոչուելէ ետք նոյնիսկ շարունակած էր կատարել իր հոգեւորականի պարտականութիւնները եւ միայն վերջին երկու ամիսներուն բացակայեցաւ եկեղեցիէն որովհետեւ չկրցաւ քալելով գալ եկեղեցի։
Ահաւասիկ լուսաւոր տէր հայր մը որուն օրինակը պէտք է վարակիչ ըլլայ։
Ուսուցիչ,խմբավար,քարտուղար,հոգեւորական՝ տասնամեակներու կեանք մը լեցուն քրտինքով։ Այնճար,Պէյրութ,Պաղտատ,Պասրա...
Ակնկալելի էր անշուշտ որ տէր հօր յիշատակի հոգեհանգիստին աւելիով արտայայտէինք մեր յարգանքն ու սէրը՝ որովհետեւ ՏԷՐ ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳ ՔՀՆ.ՔԷՇԻՇԵԱՆԸ ԵԶԱԿԻ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԵՂԱԾ ԷՐ ։Ազգին եւ հայ եկեղեցիին ծառայող անշահախնդիր հայորդի,որ իրաւունք կուտայ բոլորիս հպարտանալու իրմով։
Սիրելի տէր հայր,մենք հպարտ ենք քեզ նման հոգեւորականի մը մտերմութեան մէջ ապրած ըլլալով։
Լօյս թըղ իջնա հուգէդ պուպ։
Լուսանկարին մէջ Վախճանեալ Տէր Հայրը, շրջապատուած իր երկու առաքինի որդիներով՝ Զաքար եւ Վիգէն։