image

Անհետ կորսուածներուն մէջ կայ յղի կին մը եւ իր 5 տարեկան որդին

Անհետ կորսուածներուն մէջ կայ յղի կին մը եւ իր 5 տարեկան որդին

Ահազանգ ունինք, որ անհետ կորսուած յղի կին կայ իր 5-ամեայ տղու հետ: Այս մասին  լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԻ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը:

Նախարարի խօսքով` փրկարարական աշխատանքներու ընթացքին ծխահարուած է 7 փրկարար:

Ան նշած է, որ հրդեհի պատճառներու մասին դեռ չի կրնար խօսիլ, քանի որ փրկարաները դեռ չեն յաջողած հասնիլ հրդեհի բռնկման վայր:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ 14 օգոստոս, ժամը 13։23-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պայթում։ Ըստ նախնական տուեալներու՝  տեղի ունեցած է պայթում՝ հրդեհի բռնկմամբ․  վիրաւորներու թիւը կ'անցնի 6 տասնեակը։ Կայ 6 զոհ: