image

Անhետ կորսուած զինծառայողներու հարազատները հանդիպում պահանջած են Էդուարդ Ասրեանի եւ Կամօ Վարդանեանի հետ

Անhետ կորսուած զինծառայողներու հարազատները հանդիպում պահանջած են Էդուարդ Ասրեանի եւ Կամօ Վարդանեանի հետ

5 տարուան մէջ անգամ 1 անհետ կորսուածի ճակատագիր չէ պարզուած, ՀՀ ՊՆ-ի մօտ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է 44-օրեայի ժամանակ անհետ կորսուած զինծառայող Համազասպ Պօղոսեանի հայրը՝ Յովհաննէս Պօղոսեանը։ Անոր խօսքով՝ այդ արդէն ցոյց կու տայ, որ այս տարիներու ընթացքին ոչ մէկ գործ եղած է։

«Գոնէ 1 հոգու ճակատագիր պարզ լինէր, ասէին՝ էդ մի հոգին էս ինչ տեղ զոհուել ա, աճիւնը հանել են կամ էս մի տեղը տարել են, գերեվարել են, полевой գեներալների մօտ մնում ա։ Խի՞, չկա՞յ տենց բան, կայ, մենք հիմա ենթադրութիւններ ենք անում, բայց պատերազմի ժամանակ ամէն ինչ էլ հնարաւոր է։ Հնարաւոր է նաեւ գերեվարուածներ լինեն, որ պետական էն ցուցակներում անունները չկան»,- նշած է ան:

Անհետ կորսուածներու ծնողները 5 վայրկեան տուած են նախարարութեան՝ իրենց պահանջին ընդառաջ երթալու համար, այլապէս փողոց պիտի փակեն:

Անոնք կը պահանջեն հանդիպում ՀՀ ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանի, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, ներկայիս պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Կամօ Վարդանեանի հետ, բայց Պաշտպանութեան նախարարութենէն անոնց պատասխանած են, որ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը կրնայ իրենց ընդունիլ, այն ալ՝ 3-ին։