image

Անգարայի ճիգերը ծանրացած են «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալուն վրայ. Փորձագէտ

Անգարայի  ճիգերը ծանրացած են «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալուն վրայ. Փորձագէտ

Թուրքիան նպատակ ունի բանալ «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ կը յապաղի կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` սպասելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման:  

 

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Յուլիս 1-ին Վիեննայի մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը: Հանրութեան մօտ այս հանդիպման շուրջ, ըստ թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանի, որոշակի ակնկալիքներ կան:

Սակայն փորձագէտը վստահ է, որ հանդիպումը արարողակարգային բնոյթ կը կրէ:   

«Մենք տեսնում ենք Թուրքիայի յայտարարութիւնները, Հայաստանի վարչապետի արձագանգը: Անգարայի կողմից հայ-թուրքական յարաբերութիւններում առարկայական քայլեր դեռ չենք նկատում», ըսաւ Իսպիրեանը:

Յիշեցնենք, որ սա արդէն Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի չորրորդ հանդիպումն է: Երկու հանդիպումները կայացած են Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ: Վերջին հանդիպումը, որ կայացած էր Վիեննայի մէջ, ՀՀ ԱԳՆ-ն որակած է որպէս «անկեղծ եւ արդիւնաւէտ» եւ վստահեցուցած, որ կողմերը «հաստատած են իրենց համաձայնութիւնը` շարունակել առանց նախապայմաններու գործընթացը»:

Թուրքիան նպատակ ունի բանալ «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ կը յապաղի կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` սպասելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման:  

«Պէտք է ճիշդ հաշուարկել այդ երկրների հետ յարաբերութիւնները եւ համապատասխան քաղաքականութիւն վարել», ըսաւ թրքագէտը: