image

Անգարայի մէջ. Էրտողան-Փութին հանդիպում պիտի ըլլայ

Անգարայի մէջ. Էրտողան-Փութին հանդիպում պիտի ըլլայ

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը կը մշակուի դիւանագիտական խողովակներով, սակայն ամսաթիւն ու վայրը դեռ չեն նշուիր։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ ղեկավարի վարչակազմը։

Ռուսիոյ ղեկավարն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ կը ծրագրէ հանդիպիլ իր թուրք գործընկերոջ հետ 2024 թուականի սկիզբը, իսկ մինչ այդ անոնք չեն կրցած հանդիպիլ Էրտողանի խիտ ժամանակացոյցի պատճառով։

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը պարզաբանած է, որ հանդիպումը օրակարգի վրայ է, համապատասխան աշխատանքները կը կատարուին դիւանագիտական խողովակներով, առայժմ յստակութիւն չկայ։

Դեկտեմբեր 19-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտնած է, որ Փութինի եւ Էրտողանի հանդիպման օրն ու վայրը պիտի համաձայնեցուին։