image

Անգարա չի կրնար «այո» ըսել. Էրտողանի անդրադարձը որոշ երկիրներու «ՆԱԹՕ»ին միանալու խնդրին

Անգարա չի կրնար «այո»  ըսել. Էրտողանի անդրադարձը որոշ երկիրներու  «ՆԱԹՕ»ին միանալու խնդրին

Ֆինլանտայի եւ Շուէտի պատուիրակութիւնները պիտի այցելեն Թուրքիա` քննարկելու ՆԱԹՕ-ին իրենց անդամակցութեան գործընթացը, սակայն այդ պիտի չփոխէ Անգարայի դիրքորոշումը, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը:

«Պիտի գան Թուրքիա: Պիտի գան մեզի հակառակը համոզելո՞ւ: Թող չնեղանան, թող իրենց նեղութիւն չտան: Թուրքիան «այո» պիտի չըսէ մեր երկրին դէմ պատժամիջոցներ կիրառող երկիրներու անվտանգութեան կազմակերպութեան անդամակցելուն: Մենք նոյն սխալը չենք կրկներ: Մենք չենք կրնար «այո» ասել: Այդ պարագային ՆԱԹՕ-ն անվտանգութեան կազմակերպութիւն չ'ըլլար, այլ կը դառնայ վայր մը, ուր պիտի ըլլան ահաբեկիչներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Մենք չենք կրնար «այո» ասել, թող չնեղանան», ըսած է Էրտողան:

Անոր խօսքով, Թուրքիան չի կրնար հաւատալ Ֆինլանտայի ու Շուէտի հաւաստիացումներուն, եթէ անոնք ըսեն, որ պիտի չաջակցին «ահաբեկիչներուն»: «Ես պէտք է ձեզի բացայայտ եւ անկեղծ ասեմ` եթէ երկու երկրներն ալ ըսեն, որ մենք դէմ ենք ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, ինչ որ, ի դէպ, ճիշդ հակառակն է, անոնք յայտարարութիւններ ունին, որ ահաբեկիչները պիտի չարտայանձնեն Թուրքիոյ: Մենք չենք կրնար նոյն սխալը երկու անգամ գործել: Աւելի վաղ Յունաստանը դուրս եկած էր ՆԱԹՕ-էն, ապա դարձեալ մտաւ: Հիմա իմ ժողովուրդիս հարց կու տամ` դաշինքի հիմնական երկիրները կ'աջակցի՞ն Յունաստանին: Կ'աջակցին: Այնտեղ կայաններ կը ստեղծե՞ն: Կը ստեղծեն: Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ անոնց: Շուէտը ահաբեկչութեան օճախ է, անոնց խորհրդարանին մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկիչներ կան: Ինչպէ՞ս հաւատալ», ըսած է Էրտողան: