image
Հրատապ լուրեր:

Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօն է պատմական սահմաններու պահպանումը․ իրանցի պաշտօնեայ

Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօն է պատմական սահմաններու պահպանումը․ իրանցի պաշտօնեայ

Թեհրան պատրաստ է միջնորդ ըլլալու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ, ՌԻԱ «Նովոստի»-ին ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական, Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Վիլայաթին։

«Այո, ի հարկէ»,- ըսած է Վիլայաթին ի  պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք Իրան պատրա՞ստ է միջնորդ ըլլալու հարեւան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Ան նշած է, որ Իրանի կողքին գտնուող տարբեր շրջաններէ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Անդրկովկասը։

«Այս առումով մեր հարեւաններու (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) նկատմամբ մենք աւելի շատ զգայունութիւն եւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերենք»,- ընդգծած է Վիլայաթին։

Անոր խօսքով՝ երկիրներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման չափազանց կարեւոր գործօններէն մէկը յայտնի պատմական սահմաններու պահպանումն է։

«Որեւէ երկրի կողմէ հարեւան երկրի սահմաններու ցանկացած խախտում կ'առաջացնէ լարուածութեան աճ այս տարածաշրջանին մէջ եւ տեղական պատերազմներու հրահրում, որու առաջին արդիւնքը սադրիչ երկիրներու, օրինակ՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ներկայութիւնն է հրադադարի ռեժիմի հաստատման պատրուակով՝ օգտագործելով իրավիճակը իրենց օգտին»,- աւելցուցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին ղեկավարը։