image

Անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ վստահութեան ձեւաւորման ջանքերը. Պլինքընը զրուցած է Ալիեւի հետ

Անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ վստահութեան ձեւաւորման ջանքերը. Պլինքընը զրուցած է Ալիեւի հետ

ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընը զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ ընդգծած հայ–ատրպէյճանական խաղաղ բանակցութիւններու կարեւորութիւնը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Պլինքըն խոստացած է, որ ԱՄՆ–ն մշտական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ այդ գործընթացին։

«Ան նաեւ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու խոր մտահոգութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի մէջ անցակէտի տեղադրման կապակցութեամբ` նշելով, որ այն կը խաթարէ խաղաղ գործընթացին մէջ վստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած ջանքերը։ Պլինքըն ընդգծած է առեւտրային եւ մասնաւոր փոխադրային միջոցներու համար Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ բացման կարեւորութիւնը»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: