Լիբանանցի աստղ Հայֆա Ուահէպէի դուստրը՝ Զէյնա Ֆայատ իր ինսթակրամեան էջով հրապարակած է լուսանկար, ուր ան կ՚երեւի իր երկու դուստրերուն ՝Տանիէլայի եւ Ռաֆաֆի կողքին։
Հրապարակումը լայն տարածում գտած է Հայֆայի երկրպագուներու շրջանակներուն մէջ, որոնք արձագանգելով Ռաֆահի գեղեցկութեան գրառած են, թէ ան յար եւ նման է իր գեղեցկուհի մեծ մօր Հայֆային։
Կեանքը այնքան արագ կը թաւալի, որ գուցէ շատերուն համար ալ մեր վաղ երիտասարդութեան օրերու տաղանդաւոր աստղ Հայֆան այսօր արդէն դարձած է մեծ մայր։