image

ԱՄՆ-ը եւ Իրանը փոխադարձ hարուածներ հասցուցած են

ԱՄՆ-ը եւ Իրանը փոխադարձ hարուածներ հասցուցած են

Իրանի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ ռազմակայաններուն՝ ի պատասխան Սիրիք եւ Քեշմ կղզիներու վրայ կատարուած յարձակման։ Այս մասին ըսուած է Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան մէջ։

«Ի պատասխան Սիրիքի եւ Քեշմ կղզիներու դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ կատարուած յարձակման՝ տարածաշրջանին մէջ թշնամիի կայանները հրթիռային հարուածներու ենթարկուած են»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Իր հերթին ԱՄՆ Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ ամերիկեան զինուորականները որսացած են քանի մը պալիսթիք հրթիռներ, որոնք Իրանն արձակած էր Քուէյթի եւ Պահրէյնի ուղղութեամբ։ 

«Իրան եօթ պալիսթիք հրթիռ արձակած է Քուէյթի եւ Պահրէյնի ուղղութեամբ՝ քանի մը ժամ անց այն բանէ ետք, երբ CENTCOM-ը խոցած էր իրանական չորս անօդաչու թռչող սարք, որոնք արձակուած էին Հորմուզի նեղուցի ուղղութեամբ։ Նախնական գնահատականներով՝ Իրանի արձակած հրթիռներէն վեցը որսացուած են, եօթներորդը չէ հասած իր թիրախին»,-ըսուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հրամանատարութիւնը նշած է, որ ամերիկեան զինուորականներու շարքերէն տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան, Պահրէյնի մէջ ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու Հնգերորդ նաւատորմի շտաբին վնաս չէ հասցուած։