Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը պահանջէ, որ Վենեզուելան խզէ տնտեսական կապերը Իրանի, Չինաստանի, Քուպայի եւ Ռուսիոյ հետ՝ որպէս նաւթաարդիւնահանման զարգացման պայման, հաղորդած է ABC News-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Աղբիւրներու համաձայն՝ Ուաշինկթընը քանի մը պահանջ ներկայացուցած է Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեսին։ Նախ, Պոլիվարեան Հանրապետութիւնը պէտք է վտարէ Չինաստանը, Ռուսիան, Իրանը եւ Քուպան եւ խզէ տնտեսական կապերը։
Երկրորդ, Քարաքասին ըսած են համաձայնի նաւթի արդիւնահանման ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բացառիկ համագործակցութեան։