Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի պաշտօնեաները Յունուար 10-ին անվտանգութեան հետ կապուած բանակցութիւններ պիտի ունենան Ուքրանիոյ շուրջ աճող լարուածութեան լոյսին տակ:
Երկկողմ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան միջուկային զէնքի վերահսկման եւ Ուքրանիոյ վրայ, ըսած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակը։
Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հաստատած էր, որ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ անվտանգութեան հարցերը քննարկելու համար բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ Յունուար 7-ին նշուող Սուրբ Ծնունդէն յետոյ:
Կ'ակնկալուի, որ այդ բանակցութիւնները կը կեդրոնանան Ուքրանիոյ սահմանին մօտ ռուսական զօրքերու կուտակման եւ Քրեմլի պահանջներուն վրայ՝ դադրեցնել ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը դէպի արեւելք եւ ռազմական համագործակցութիւնը այնպիսի երկիրներու հետ, ինչպիսին են Ուքրանիան եւ Վրաստանը:
Եթէ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդը հանդիպի դաշինքի ղեկավար Ենս Սթոլթընպըրկի առաջարկութեամբ, այդ պիտի ըլլայ խորհուրդի առաջին նման հանդիպումը վերջին 2,5 տարուայ ընթացքին։