Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Միացեալ Նահանգները նախապէս տեղեկացուած չէ եղած Քուրսքի մարզի մէջ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու յարձակման մասին։
«Միացեալ Նահանգները կապի մէջ է Ուքրանիոյ հետ՝ հասկնալու համար այդ գործողութեան առումով Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու ծրագրերը»,- յայտնած են Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Նշենք, որ աւելի վաղ Ռուսիոյ Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Վալերի Քերասիմովը յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յառաջխաղացումը սահմանային շրջաններու մէջ դադրեցուած է։