image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Մտահոգ հայկական ժառանգութեամբ

ԱՄՆ Մտահոգ հայկական ժառանգութեամբ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 Յունիսին հրապարակեց «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021»-ի զեկոյցը:

«Ատրպէյճան» բաժինին մէջ նախարարութիւնը կը յիշատակէ ԵԽԽՎ-ի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը`  կապուած Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային:

Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս մերժած է արտօնել հայ ուխտաւորներուն մուտքը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանք: Ատրպէյճանցիները իրենց հերթին չեն կարողացած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի պետական մակարդակի վրայ զարգացող այն պատումին գծով, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:

Կ՛ընդգծուի, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներու նկատմամբ վանտալութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ իրականացուող գործողութիւններուն մասին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: