image

ԱՄՆ-ի մէջ մեծ ցոյցերու պատրաստութիւն

ԱՄՆ-ի  մէջ մեծ ցոյցերու պատրաստութիւն

Ամերիկեան ծայրայեղ աջ խմբաւորումները բողոքի ցոյցր եւ յարձակումներ կը ծրագրեն 20 յունուարին նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդմնակալութենէն առաջ եւ ետք: Այս մասին կը յայտնէ The Washington Post-ը:

Ըստ աղբիւրի տուեալներուն՝ իրաւապահ մարմինները կը կարծեն, որ ծայրայեղական խմբաւորումները կրնան շարք մը բողոքի ցոյցեր իրականացնել ամբողջ երկով մէկ՝ զինուած ցուցարարներու մասնակցութեամբ, որոնք կրնան նաեւ պայթուցիկ նիւթեր ունենալ իրենց մօտ: Բացի այդ, պարբերականը նշած է՝ ԱՄՆ իշխանութիւնները չեն բացառեր երկրորդ յարձակումը Քոնկրեսի եւ նոյնիսկ յարձակում Սպիտակ տան վրայ: Մասնաւորապէս, հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն կը վերահսկէ ծայրայեղ աջերու գործունէութիւնը համացանցի վրայ, ուր կը շարունակեն բռնութեան կոչեր ըլլալ:

Ինչպէս նշած է թերթը, մահուան սպառնալիքներով պայմանաւորուած, ամերիկացի որոշ օրէնսդիրներ վարձած են մասնաւոր թիկնապահներ:

Միեւնոյն ժամանակ, պարբերականը յայտնած է, որ ի պաշտպանութիւն գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի, ցոյցերու որոշ կազմակերպիչներ ստիպուած եղած են չեղեալ յայտարարել շարք մը բողոքներ նահանգներու վարչական կեդրոններուն եւ ամերիկեան մայրաքաղաքին մէջ`վախնալով, որ իրաւապահ մարմինները կը սկսին ձերբակալել անոնց:

Պարբերականը շեշտած է նաեւ, որ անցեալ շաբաթ Քոնկրէսի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասնակցած տասնեակ մարդիկ ընդգրկուած են այն անձանց ցուցակներուն մէջ, որոնք, ըստ հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի, կրնան ներգրաւուիլ ահաբեկչական գործողութիւններու մէջ:

Նշուած է՝ Պայտընի երդմնակալութեանն ընդառաջ ԱՄՆ իշխանութիւնները Ուաշինկթընի մէջ ուժեղացուած անվտանգութեան միջոցառումներ կը ձեռնարկեն: Սպիտակ տանն ու Քոնկրէսին յարող քաղաքի կեդրոնի զգալի մասը փակ է երթեւեկութեան համար: