image

ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը չօգտագործիր Հայաստանի դէմ.Ամերիկացի պաշտօնատար

ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը չօգտագործիր Հայաստանի դէմ.Ամերիկացի  պաշտօնատար

Ուաշինկթըն Պաքուի հետ շփումներու ընթացքին միշտ կ'անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, իսկ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու ժամանակ՝ հաշուի կ'առնէ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու գերակայութիւնները: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտը:

Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ի վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի լսումներու ընթացքին ԱՄՆ քոնկրէսական Ճիմ Քոսթան անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն՝ հարցնելով՝ արդեօք Ուաշինկթըն կը բարձրացնէ տուեալ թեման բանակցութիւններու ընթացքին:

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ, որ լսումներու ժամանակ հանդէս կու գար որպէս վկայ, շեշտած է, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարի հետ քննարկած է մարդու իրաւունքներու խախտումները:

«Կրնամ հաւաստիացնել, որ (խմբ. կողմերու հետ) զրոյցի կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը մարդու իրաւունքներն են: Անցեալ շաբաթ ես խօսած եմ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ իմ զրոյցի մէկ հատուածին մէջ յատուկ շեշտադրած եմ մարդու իրաւունքներու հարցը», -ըսած է Տոնֆրիտ՝ յայտնելով, որ 9 դեկտեմբերին Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատող պաշտօնեայի հանդէպ՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար:

Ճիմ Քոսթան անընդունելի համարած է այն, որ հակառակ Ատրպէյճանի մէջ Մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, Ուաշինկթըն կը շարունակէ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին:

«Կ'ուզեմ շատ յստակ ըլլալ այս հարցով. «Ազատութեան աջակցութեան ակտի» 907-րդ լրացման մէջ կատարուած ուղղումը երկարաձգելու մասին 22 յունիսի 2022-ի որոշումն ընդունուած է տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ գերակայութիւններու մանրամասն ուսումնասիրութենէն ետք», -ըսած է Տոնֆրիտ:

Ան հաւաստիացուցած է, որ Ուաշինկթըն կը ստուգէ եւ կը հաւաստիանայ, որ Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը հնարաւոր չըլլայ օգտագործել Հայաստանի դէմ յարձակողական նպատակներով, եւ որ այդ չի խոչընդոտեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացին:  

Ան կրկնած է, որ Ատրպէյճանին տրուող օգնութիւնը կ'օգնէ ապահովել Իրանի հետ աւելի քան 750 քիլոմեթրանոց սահմանի անվտանգութիւնը եւ կ'ապահովէ ուժանիւթի աղբիւրներու անվտանգութիւնը, որ շատ կարեւոր է Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ դաշնակիցներու համար: Ըստ Տոնֆրիտի՝ Ատրպէյճանին կը տրամադրուի ոչ մահաբեր ռազմական աջակցութիւն՝ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու, մաքսանենգութիւնը կանխելու նպատակով: