image

ԱՄՆ–ի հետ մտած ենք առարկայական փուլ. ՀՀ ԱԽ քարտուղարը` նոր աթոմակայանի կառուցման մասին

ԱՄՆ–ի հետ մտած ենք առարկայական փուլ. ՀՀ ԱԽ քարտուղարը` նոր աթոմակայանի կառուցման մասին

Նոր աթոմակայանի կառուցման հետ կապուած` ԱՄՆ–ի հետ մտած ենք առարկայական փուլ։ Այս մասին «ՀՀ–Արեւելեան գործընկերութիւն–ԵՄ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» համաժողովի ժամանակ յայտարարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

Անոր խօսքով` հիմա ԱՄՆ–ի հետ կը քննարկեն իրաւապայմանագրային դաշտը կարգաւորելու հարցը, քանի որ առանց ատոր չեն կրնար առաջ շարժիլ։

«Այս պահին գնդակը ԱՄՆ–ի դաշտում է։ Մենք ակնկալում ենք, որ այս հարցն անցնի ԱՄՆ ներհամակարգային ընթացակարգերը, որ դրանից յետոյ կարողանանք աշխատել»,– ընդգծած է ԱԽ քարտուղարը։

Գրիգորեանն աւելացուցած է, որ աթոմակայանի հարցը երկարաժամկէտ համագործակցութիւն է, սակայն ՀՀ կառավարութիւնը ԱՄՆ–ի հետ ունի նաեւ կարճաժամկէտ ծրագրեր, քանի որ ՀՀ անվտանգութեան առումով ունինք բազմազանեցում, սակայն նոյնը դեռ հնարաւոր չէ ըսել տնտեսութեան մասին. «Այստեղ բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնց լուծման համար մեծ աշխատանք է տարւում եւ պատահական չէ, որ ապրիլի 5-ի հանդիպման օրակարգային առաջնահերթ խնդիրները հենց տնտեսական են եղել»։