image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ԱԳ փոխնախարարները քննարկած են խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ԱԳ փոխնախարարները քննարկած են խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ

Միացեալ Նահանգներու ԱԳ փոխնախարար Քուրթ Քեմփպելը երէկ՝ մարտ 8-ին, հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պուրաք Աքչափարին։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու ԱԳ փոխնախարար Քուրթ Քեմփպելն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պուրաք Աքչափարը Ուաշինկթընի մէջ քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային առաջնահերթութիւններու շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ուղիները։

Այդ մասին նշուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Կողմերը անդրադարձած են Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տնտեսական համագործակցութեան, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ Ասիոյ մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս համատեղ աշխատանքի այլ հնարաւորութիւններուն»,- նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն: