image

ԱՄՆ-էն Հայկական օրակարգին Ռուսիոյ կողմէ եղած յայտարարութեան պատասխան հնչած է

ԱՄՆ-էն  Հայկական օրակարգին Ռուսիոյ կողմէ եղած յայտարարութեան պատասխան հնչած է

Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն։ Մենք կ'ողջունենք մեր գործընկերներու, այդ շարքին՝ Եւրոպական միութեան ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ վստահութիւն ձեւաւորելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան համար նպաստաւոր միջավայր ապահովելու ուղղութեամբ։ Քանի դեռ ջանքերը արդիւնաւէտ են, մենք պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու, այդ շարքին նաեւ տարածաշրջանի մեր գործընկերներու հետ։

Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Վետանթ Փաթելը՝ մեկնաբանելով Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասին եւ անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան  դերակատարման։

«Մասնաւորապէս, ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ դերին, ապա Միացեալ Նահանգները չէ մասնակցած 2020թ. նոյեմբերին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի հաստատման, որ յանգեցուցած է ռուս խաղաղապահներու տեղակայման, ուստի ես պարզապէս ոչինչ ունիմ առաջարկելու այս հարցով։ Բայց, ի հարկէ, ինչպէս գիտէք, սա շատ կարեւոր հարց է պետական քարտուղարի համար, որուն ան մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէ եւ խորապէս ներգրաւուած է», -աւելցուցած է Փաթելը։

Յիշեցնենք, որ երէկ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որուն մէջ ըսուած էր.«Յունուար 23-ին Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշում ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական նոր առաքելութիւն ստեղծելու մասին՝ երկու տարի ժամկէտով։ Եւրոպական միութեան ներկայութեան յստակ ձեւաչափը պիտի որոշուի յառաջիկային։ Բայց արդէն ակնյայտ է, որ այն աւելի յաւակնոտ պիտի ըլլայ, քան Եւրոպական միութեան վերահսկողութեան մեքանիզմը, որ Հայաստանի մէջ գործած է անցեալ տարուան հոկտեմբերէն դեկտեմբեր ամիսներուն»։