image

ԱՄՆ չի բացառեր զօրք ուղարկել Թայուան

ԱՄՆ չի բացառեր զօրք ուղարկել Թայուան

Միացեալ Նահանգները պատրաստ է դիտարկել իր զօրքի՝ Թայուան ուղարկելու հարցը, եթէ Չինաստան ներխուժէ, ըսած է Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Մայքլ Մաք Քոլ։

«Եթէ Չինաստանը ներխուժէ Թայուան, ուրեմն այդ տարբերակը կ'ըլլայ օրակարգի վրայ եւ կը քննարկուի Քոնկրէսի եւ Ամերիկայի ժողովուրդին հետ, պատրա՞ստ են անոնք անոր»,- ըսած է Մաք Քոլ Fox News-ին տուած հարցազրոյցին։

Անոր խօսքով՝ եթէ ամերիկացի ժողովուրդն աջակցի կղզին պաշտպանելու առաջարկին, ուրեմն Քոնկրէսը կը հետեւի այդ օրինակին: