Հայց. Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն (Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան) ստացած ենք հետեւեալ կարեւոր յայտարարութիւնը՝
Այսու գրութեամբ կ՛ուզենք տեղեակ պահել մեր Թեմի հաւատացեալներուն, որ երեք սարկաւագներ՝ Արա սարկաւագ Դաքեսեան, Դենիս սարկաւագ Դաքեսեան եւ Յակոբ սարկաւագ Դեմիրճեան, մեր բազում փորձերէն եւ հետեւողական թելադրութիւններէն յետոյ նախընտրած են քաջալեր հանդիսանալ Գեւորգ Հալաճեան անունը կրող անձի, ով անվաւեր եւ հակականոնական, «քահանայական» ձեռնադրութիւն է ստացած տասնամեակներ առաջ կարգալոյծ հռչակուած անձէ՝ Ղազարոս Կիւրեղեանի (Տիրան Կիւրեղեան) կողմէ։
Ժամանակին Գեւորգ Հալաճեան պաշտօնապէս դիմած էր մեզ քահանայութեան համար, սակայն որոշակի պատճառներով դրական որոշում կայացնելը մնացած էր առ կախեալ: Ենթական հակառակ մեր խորհուրդներուն՝ դիմեց շարք մը քոյր եկեղեցիներու՝ Ղպտի, Ասորի, ստանալու համար քահանայական աստիճան: Բոլորն ալ իրենց հերթին մերժեցին ընթացք տալ Գեւորգ Հալաճեանի դիմումին՝ վստահ տեսնելով այն վտանգը որու առջեւ կը գտնուինք այսօր: Ճարահատեալ ան կը դիմէ հակականոնական քայլի՝ Ղազարոս Կիւրեղեանի կողմէ այսպէս կոչուած «քահանայական» աստիճան ստանալու համար:
Հետեւաբար, Գեւորգ Հալաճեան վաւերական քահանայ չէ, ան իրաւասու չէ խորհուրդներ կատարել՝ Մկրտութիւն, Սուրբ Պատարագ/Հաղորդութիւն, Պսակ, եւ անոր քայլերը կը նկատենք անհիմն եւ հակականոնական։
Վերոնշեալ պարագան ի նկատի ունենալով այսօրուընէ սկսեալ (Մայիս 31, 2023) մենք կարգալոյծ կը հռչակենք Գեւորգ Հալաճեանը սարկաւագական պաշտօնէն եւ իր մասնակցութիւնը կ՚արգիլուի մեր եկեղեցիներէն ներս՝ հոգեւոր եւ վարչական տեսանկիւնէն դիտուած: Նոյն այս գրութեամբ սարկաւագութենէ կը զրկենք նաեւ վերոնշեալ անձինք՝ Արա Դաքեսեանը, Դենիս Դաքեսեանը եւ Յակոբ Դեմիրճեանը, որովհետեւ բոլորի ընթացքը կը բացատրէ խզում (Schism) եւ բաժանում Հայ Եկեղեցիէն:
Մեր կոչն է ողջ հաւատացեալներուն, որ հետամուտ ըլլաք մեր նախնեաց հաւատքին, սրբութեանց ու կանոններուն: Եկեղեցու կանոնները վեր են բոլորէն ու մենք պարտ ենք հեռու մնալ ինքնակոչ պաշտոններու ձեռքբերումներէ:
Մեր խնդրանքն է մեր ժողովրդի զաւակներուն, որ բոլոր պարագաներուն մշտապէս կապի մէջ ըլլաք Առաջնորդարանի հետ՝ ճշտելու համար օրինական քահանաներու առաքելութիւնը թեմական կառոյցէն ներս:
Սիրոյ Ողջունիւ եւ Օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
Յովնան Արք․ Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի